Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Անգլիա

Անգլիա
Անգլիոյ դրօշ Զինանշանը


Կը գտնուի Միացեալ Թագաւորութիւն
Կը ներառնէ Արևելյան Անգլիա?, Հյուսիսարևելյան Անգլիա?, Յորքշիր և Համբեր?, Արևելյան Միդլենդ?, Արևմտյան Միդլենդս?, Հարավարևմտյան Անգլիա?, Հարավարևելյան Անգլիա?, Հյուսիսարևելյան Անգլիա? եւ Լոնտոն
Պետական լեզու անգլերէն
Մայրաքաղաք Լոնտոն[1]
Երկրի ղեկավար Չարլզ Գ․
Կառավարութեան ղեկավար Քիր Սթարմեր?
Ազգաբնակչութիւն 53 012 456 մարդ (2011),
57 106 398 մարդ (2022)[2]
Օրհներգ Մեծն Բրիտանիոյ օրհներգ
Արժոյթ Ֆունտ ստերլինգ?
Ժամային համակարգ Կրինուիչ միջին ժամ
Հեռաձայնային համակարգ +44
visitengland.com

Անգլիա (Անգլերէն՝ England), Մեծն Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան ամէնամեծ եւ ամէնաշատ բնակչութիւն ունեցող երկիրն է[3] [4]: Անգլիոյ բնակչութիւնը կը կազմէ ամբողջ Միացեալ Թագաւորութեան բնակչութեան աւելի քան 83%-ը։ Մայրաքաղաքը Լոնտոնն է։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլիային շրջապատող ծովերն են Հիւսիսային ծովը եւ Իրլանտական ծովը: Այն կը սահման է արեւմուտքէն Ուելսի եւ հիւսիսէն Սկովտիոյ հետ։ Անգլիան կը գտնւուի Եւրոպայի Հիւսիս-Արեւմուտքին մէջ։ Անգլիան Շոտլանդիոյ, Ուելսի ու Հիւսիսային Իրլանտիոյ հետ միասին կը կազմէ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտիոյ Միացեալ Թագաւորութիւնը։ Տարածքը 131 հազար քմ² է։ Հիմնական լեռնաշղթան, որ տարածուած է Հիւսիսէն Հարաւ, Ապենինեան լեռներն են։ Անգլիան Եւրոպայի ամէնամեծ կղզային պետութիւնն է։ Անոր կը պատկանի բազմաթիւ կղզիներ՝ Մէն, Անգլսի, Ուայթ, եւ 4 կղզախմբեր՝ Հեբրիդեան, Օրկնեեան, Շոտլանդական ու Նորմանդական։ Մեծն Բրիտանիոյ կղզիին Հիւսիսային եւ Արեւմտեան մասերուն մէջ կան ոչ բարձր լեռներ, իսկ կեդրոնին եւ Հարաւ-Արեւելքին՝ դաշտավայրեր։ Երկիրը հարուստ է ածուխի, քարիւղի, բնական վառելակազի եւ երկաթի պաշարներով։ Անոր կլիմային վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի Հիւսիսային տաք հոսանքը, որուն շնորհիւ՝ ձմեռը կ՛ըլլայ մեղմ։ Գետերը կարճ են, բայց՝ ջրառատ, նաւարկելի, եւ միացած են ջրանցքներով։ Կան բազմաթիւ մանր լիճեր, օրինակ՝ հանրայայտ Լոխ Նեսը։ Բրիտանական կղզիներու ափերը կտրտուած են ծովածոցերով, որտեղ կայ առնուազն 300 նաւահանգիստ։ Սքաֆել Պիկը Անգլիոյ ամէնաբարձր կէտն է (978 մ.) եւ կը գտնւուի Քամբրիոյ մէջ։ Մեծն Բրիտանիոյ ամէնամեծ եւ խիտ բնակուած մասը Անգլիան է (Ալբիոնը), որուն հնագոյն քաղաքներու, այսինքն՝ Բիրմինգհեմի, Մանչեսթըրի, Լիվըրփուլի գործարանները կ'արտադրեն շարժիչներ, հեռուստացոյցներ, կարի մեքենաներ ու գեղեցիկ մանկական խաղալիքներ։

Նախամարդիկ կղզիին մէջ յայտնուած են աւելի քան 500․000 տարի առաջ, իսկ ժամանակակի ընթացքին մարդիկ առաջին անգամ այս տարածքներուն հասած են 30․000 տարի առաջ։ Հռոմեացիները գրաւած են այն 43 թուականին, բայց լքած են 410 թուականին։ 5-6-րդ դարերու ժամանակ Անգլիոյ մէջ բնակած են գերմանական տարբեր ցեղեր։ Տեղական բնակչութիւնը կամ կը ոչնչանայ կամ կը միաձուլուի այդ երկիրի քաղաքականներուն հետ։ 7-րդ դարէն սկսած է վիկինգներու արշաւանքները դէպի Բրիտանական կղզիներ։ 5-րդ դարէն սկսեալ ժամանակաւոր Անգլիոյ տարածքին մէջ գերմանական ցեղերը՝ անգլերէն ու Սաքսերը, բնակութիւն հաստատեցին։ Ասոնք կը գտնուէին նախնադարեան համայնական կարգերու քայքայման փուլին մէջ։ Անգլիոյ նուաճումը անոնց կողմէն արագացուց այդ գործունէութիւնը։

Քրիստօնէութիւնը ամէնատարածուած կրօնական ուղղուածութիւնն է Անգլիոյ մէջ։ Քրիստոնէութենէն ետք ամէնաշատ հետեւորդներ ունի իսլամական, հինտուական, սիկխիզմական, յուդայական եւ պուտայական կրօնական ուղղուածութիւնները։ Հինէն բազմաթիւ կրօնական կարեւոր ուղղուածութիւններ էին երկրին մէջ՝ որոնք էին կելտական հեթանոսութիւնը, ռոմանական հեթանոսութիւնը, Անգլոյ-սաքսոնական հեթանոսութիւնը եւ Նորվեկիական հեթանոսութիւնը: Միակ կրօնական ուղղուածութիւնը, որ ստեղծուած է Անգլիոյ մէջ Նէոպագանեան Վիկան է։

800 թթ.

Կառավարման ձեւը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլիոյ պետութեան եւ իրաւունքի պատմութիւնը կը բաժանուի հետեւեալ ժամանակաշրջաններու՝

  1. վաղ ֆեոդալական միապետութիւն (5–11-րդ դարեր)
  2. ֆեոդալական պետութեան զարգացում (11-13-րդ դարեր)
  3. դասաներկայացուցչական միապետութիւն (13-17-րդ դարեր)

Անգլիոյ բնակչութիւնը բաժնուած էր երեք մասերու՝ ազատներու, կիսաազատներու եւ ստրուկներու։ Ազատ բնակչութիւն կը թուէր Էրլերն ու Կերլերները։ Էրլերն նախկին ցեղային առաջնորդներ էին։ Անոնք կը տիրէին մեծ քանակութեամբ հողերու։ Կերլերն ազատ գիւղական համայնքի անդամներ էին, որոնք կը տիրէին հողերու մի մասին, կը մասնակցէին ժողովրդական ժողովներուն եւ կը կատարէին պետական գործերը։ Կերլերի սպանութեան դէպքին նախատեսուած տուգանքն աւելի էր, քան Էրլերի սպանութեան դէպքին։ Կիսաազատ բնակչութիւնը կը կոչուէր Լետէր։ Անոնք կը գտնուէին իրենց տէրերու, այսինքն Էրլերի իշխանութեան տակ, ունէին փոքր քանակութեամբ հողեր եւ կը կատարէին տարբեր տեսակի պարտաւորութիւններ։ ԲՆակչութեան ամէնացածերն են ստրուկները, որոնք օգտակար կ՛ըլլային Էրլերների տնային տնտեսութիւններու գործերուն։ IX-XI դարերու ընթացքին Անգլիոյ մէջ յաղթանակ ունեցան ֆեոդալական յարաբերութիւնները։ Գիւղացիութիւնը կ՛ենթարկուի ֆեոդալական շահագործման։ Հողի սեփականատէրերու օգուտին կախեալ ճորտ գիւղացիները կը կատարէին պարհակներ։ Ֆեոդալազմի յաղթութիւնը Անգլիոյ մէջ, վերացուց նախնադարեան համայնական կազմակերպութիւններու մնացուկները։ Ամբողջ իշխանութիւնը պետութեան մէջ կեդրոնացած է թագաւորի եւ ազնուականութեան ձեռքին վրայ։ Կը կազմակերպուի խորհրդակցութիւններ («իմաստուններու ժողով»), որ պետական իշխանութեան բարձրագոյն մարմինն էր։ Առանց այս մէկին համաձայնութեան թագաւորը իրաւունք չունէր հրապարակելու օրէնքներ։

Ֆեոդալական միապետութիւն(11-13 դարերու ընթացքին)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պետութիւնը, ֆեոդալիզմի շարժումի շրջանի ընթացքին (Ժա.- Ժգ. դարերուն), 1066-ին Անգլիա կ'ենթարկուի նորմանտական տիրապետութեան։ Տիրապետութիւնները հողերը կը բաժնեն իրենց միջեւ։ Բոլոր հող ստացողները կը դառնան թագաւորին կամակատարները։ ԲՆակչութեան հիմնական զբաղումը հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնն էր։ Նորմանտականին ծագումէն ետք առեւտուրը կը զարգանայ. Արհեստագործութիւնը կը սկսի զարգանալ։ Ժա. դարուն, գիւղացիներու մեծ մասն արդէն դարձած էին հողատէրեր եւ իշխաններ։ Հասարակութիւնը բաժնուած էր շահագործող եւ շահագործուող դասակարգերու։ Տիրող դասակարգին մէջ միասնութիւն չկար։ Հակասութիւնները բաժնուած էին աշխարհիկ եւ հոգեւոր աւատատէրերու միջեւ։ Միշտ կռիւներ կը կատարուէին բոյարներու եւ ազնուականութեան միջեւ։ Թագաւորական իշխանութեան զօրութիւնը հաստատուած էր նաեւ այս մէկով, որ ինքը՝ թագաւորը, կեդրոնացած է հսկայական քանակութեամբ հողերու, որ կը կազմէր երկրի հողերու գրեթէ 1/7 մասը։ Նորմանտական տիրապետութիւնը Անգլիոյ պատմութեան համար ունեցած է մեծ նշանակութիւն։ Անիկա կը նկատուի աւատատիրական շարժումի վերջնական աւարտը, թագաւորական իշխանութեան հզօրութիւնը, կ'ամրապնդէ երկրի քաղաքական միասնութիւնը։ Պետական կարգին մէջ (Ժբ. դարու շրջանին) կը շարունակուէր թագաւորական իշխանութեան ամրացումը։ Թագաւորին կ'աջակցէին բնակչութեան բոլոր խաւերը, որ իւրաքանչիւրը այդ թուականին զօրութեան մէջ կը փնտռէր իր շահը։ Այդպէս երկար մնալը պիտի չկատարուէր եւ նոր պարոնները, որպէս հողի սեփականատէրեր, ամրամպնդելով իրենց դիրքերը, կը սկսին հանդէս գալ թագաւորական իշխանութեան դէմ։ Առաջին ելոյթը տեղի կ'ունենայ Հենրիխ Ա.-ի կառավարման տարիներուն ընթացքին (1100-1135 թուականներուն) որ կը հարկադրէ որոշ զիջումներ։ Հենրիխ Ա.-ի կառավարման տարիներուն կը կատարելագործուի պետական կեդրոնական աշխատակազմը։ Թագաւորական ընտրողներու կազմակերպութիւնը կը բաժանուի մեծ խորհուրդի եւ փոքր ընտրողներու։ Մեծ խորհուրդը ժողովներ կը գումարէր տարին երեք անգամ։ Անոր կազմին մէջ կը մտնէին թագաւորին կողմնակիցները։ Խորհուրդը ստեղծուած էր որպէսզի բոլոր հարցերուն վերաբերեալ առաջարկներ եւ դիտողութիւններ ընէր, թագաւորին խորհուրդներ տար, լսէր եւ թագաւորին որոշումները եւ քննարկէր զանոնք։ Հակառակ անոր, խորհուրդին երաշխաւորումը գերիշխող ուժ մը չի հանդիսանար։ Հենրիխ Ա.-ի օրով կեդրոնական աշխատակազմը կը զօրանայ նաեւ այն վայրերուն մէջ, ուր կ՛իրականացնէին շերիֆները։ Հենրիխ Բ.- ի օրերուն (1154-1189 թուականներուն) անցան շարք մը ձեւեր, որոց նպատակն էր աւելի ամրապնդել դատավարչական իշխանութիւնը։ Դատական ձեւերով թագաւորական կազմակերպութիւնը կը դառնայ մշտական գործող գերագոյն դատական մարմինը։ Անոր կառավարութիւնը կը վարէին հինգ իրաւաբաններ։ Կազմակերպութիւնը բոլոր տեսակի հարցերը կը լուծէր հիմնական վճռաբեկութեան կարգով։ Անոր իրաւունքն էր լուծել նաեւ սեփականութեան վերաբերող քանի մը հիմնական հարցեր։ Ժբ. դարու երկրորդ կէսին կը ձեւաւորուի արտաքին դատարաններու հիմնարկը։ Նման պայմաններ ունին անոր պարոնները՝ ասպետներու եւ քաղաքային վերնախաւերու հետ միասին թագաւորը կը ստիպեն ստորագրելու ‹‹Ազատութիւներու Մեծ Քարտէսը›› (1215-ին), որուն համար օրինակ կը հանդիսանայ Հենրիխ Ա.-ի ‹‹Ազատութիւններու քարտէսը››:

Ազատութեան մեծ քարտէսը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1215-ին «Խարտիան» կամ «Քարտէսը» իր բովանդակութեամբ աւելի հարուստ էր եւ ընդարձակ։ ‹‹Խարտիան›› կ'արտայայտէր շարժումը ղեկավարող պարոններու շահերը: Պարոնական աւատները կը յայտարարէին ազատ ժառանգուող տիրոյթներ: Թագաւորը իրաւունք չունէր ժառանգութիւն ստացած երիտասարդ պարոններէն պահանջել սահմանուածէն աւելին: Թագաւորը խոստացած էր անչափահաս վասալներու նկատի ունեցած խնամակալութեան իրաւունքի չարաշահում թոյլ չտալ: Քարտէսը կը վերականգէր պարոններու որոշ սենեօրական իրաւունքներ, որոնք կը խախտէին թագաւորական իրաւասութեան ընդլայնման հետեեւանքով: Թագաւորը կը խոստանար անհետացնել ցանկացած քմահաճութիւնը՝ բարոններէն դրամական տուրքերու վճարելու դէպքով: Միայն 3 դէպքերով էր, որ բարոնները պարտաւոր էին թագաւորին չափաւոր դրամական օգնութիւն ցոյց տալ՝ 1) թագաւորին գլխավաճար պարտքերէ ազատելու 2) թագաւորին երէց որդուն ասպետ կոչելու շնորհելով 3)թագաւորի առաջին ամուսնութիւնեն էն ծնուած երէց աղջկան ամուսնացնելու դէպքերով: Ասոր հետ քարտեզի շարք մը որոշումներ կը պաշտպանէին շարժման այլ մասնակիցներու շահերը: Կը հաստատեն սկիզբէն գոյութիւն ունեցող եկեղեցիներու եւ հոգեւորականութեան արտօնութիւններն ու ազատութիւնները, մասնաւորապէս եկեղեցական ընտրութիւններու ազատութիւնը: Խարտիան կը պաշտպանէր վաճառականներու իրաւունքները: Անոր կը թոյլատրուէր ազատօրէն դուրս գալ Անգլիայէն ու վերադառնալ, կատարելով առեւտուր առանց որեւէ դիմադրութեան հանդիպելու: Խարտիան կը նախատեսէր առեւտուրի համար միասնական չափ ու կշիռի միաւոր սահմանելու անհրաժեշտութիւնը: Ընդհանուր առմամբ քարտեզով հաստատուած դրութիւնները դուրս չեկան ֆեոդալական կարգէրի շրջանակներէն եւ կարող ենք նշել, որ այն իր բնոյթով ֆեոդալական էր: ‹‹Խարտիան›› նշանակութիւն ունեցաւ միայն որոշ ժամանակաշրջանի մը համար: 1960-ական թուականներու վերջաւորութեան բուռն շարժումն է եւ տեղի կաթոլիկ փոքրամասնութեան քաղաքացիական իրաւունքներու համար կը տարածուի եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Կառաւարման ժամանակակաւոր համակարգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակաւոր Մեծն Բրիտանիան, Բրիտանական համագործակցութեան առանցքային երկիրն է, որուն մէջ կը մտնեն 49 անկախ պետութիւններ՝ հիմնականը, անոր նախկին գաղութներն ու կիսագաղութներն են: Մեծն Բրիտանիան սահմանադրական միապետութիւն է՝ իր թագաւորով (կամ թագուհիով), որուն մասին կ՛ըսեն թէ Ան կը թագաւորէ բայց չի իշխէր:

Հայերը Անգլիոյ մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ Պրիդանիոյ մէջ հայկական համայնքներ ստեղծուած են XIX դարու 30-ական թուականներուն ժամանակ, Լոնտոնի, Մանչեսթըրի եւ Լիվըրփուլի մէջ: Առաջին հայերն այնտեղ Կոստանդնուպոլսէն եւ Հնդկաստանէն եկած վաճառականներն էին: Արդէն 1870 թուականին Մանչեստրի մէջ կառուցուած է հայկական եկեղեցի (Սուրբ Երրորդութիւն): Մեծն Բրիտանիոյ Հայ գաղութը տարածուած է Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ, եւ հաստատուած են Թուրքիա, Կովկասէն գաղթած բազմաթիւ հայեր: XX դարու 60–70-ական թուականներուն հայերու հոսքը Մեծն Բրիտանիա մեծնայ յատկապէս Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն: Ներկայիս Հայերու թիւը շուրջ 16 հազար է , անոնք հիմնականին բանուորներ, ծառայողներ, արհեստաւորներ, մանր առեւտրականներ են: Կան նաեւ մեծահարուստներ ու խոշոր արդիւնաբերողներ, մտաւորականներ: Լոնտոնի մէջ կը գործէ Հայ տունը, որ կը կազմակերպուի մշակութային միջոցառումներ: Այնտեղ կը գտնւուի նաեւ 1992 թուականին բացուած ՀՀ-ի դեսպանատունը: Համայնքին մէջ կը գործէ հայ առաքելական 3 եկեղեցի: Առաջնորդանիստը Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին է: Մայրաքաղաքին շէ՛ եւ Մանչեստրի մէջ հայ մանուկներու համար բացուած են նաեւ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներ: 1998 թուականէն լոյս կը տեսնէ «Նոր սերունդի ձայն» պարբերականը։ կը գործեն նաեւ Անգլոյ-հայկական առաջադիմական եւ Լոնտոնի հայ երիտասարդաց միութիւնները, ՀԲԸՄ եւ ՀՕՄ-ի Լոնտոնեան մասնաճիւղերը եւ այլ կազմակերպութիւնները։

Անգլիական խորհրդանիշեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիուններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]