Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Հատապտուղ

Հատապտուղի խումբին կը պատկանին կարմիր եւ սեւ հաղարջը, մոշը, ազնուամորին, հապալասը, լորամիրգը։ Հատապտուղները իրենց սննդային արժէքներու հետ միասին, ունին նաեւ քրտնեցնող, ջերմութիւն իջեցնող, ծարաւը յագեցնող յատկութիւն: Շատ օգտակար են հատապտուղները տարեցներու համար․ կը պարունակեն նիւթեր, որոնք ազդելով ուղեղի բջիջներուն վրայ, կը բարելաւեն յիշողութիւնը։ Ժողովրդական բժշկութեան մէջ կ'օգտագործուին նաեւ անոնց տերեւներու եւ ծաղիկներու եփուկը՝ քարային հիւանդութիւնները, յօդացաւերը եւ սրտխառնոցը բուժելու, արեան անօթները մաքրելու, արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու համար:

Հատապտուղները կ'օգտագործուին թարմ, պահածոյացուած անուշներու եւ չիրերու տեսակով:

  • Ճիշդ Անունդ՝ Առողջ Կեանք, Բժշկուհի Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան, էջ 77