Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Ինթըրփօլ

Ինթըրփօլ, ամբողջ անուանումը՝ Քրեական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութիւն (ֆրOrganisation Internationale de Police Criminelle, OIPC[permanent dead link], անգլInternational Criminal Police Organization, ICPO[permanent dead link]), միջազգային կազմակերպութիւն, որու հիմնական խնդիրն է միաւորել ազգային իրաւապահ մարմիններուն մասնակից երկրներուն հանցագործութիւնները հայտնաբերելու համընդհանուր պայքարի ընթացքին։ Ինթըրփօլի Սահմանադրութեան 3-րդ յօդուածի մասով Ինթըրփօլին կ'արգիլուի զբաղիլ քաղաքային, ռազմական, կրոնական կամ ռասայական բնոյթի հանցագործութիւններու քննումով։

  • 1914 թուականին Մոնաքոյի իշխան Ալպըրթ I-ի աշխոյժ մասնակցութեան ներքո կայացաւ միջազգային Քրեական ոստիկանութեան առաջին համաժողովը, որուն կը մասնակցէին 14 երկիրներու ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ։ Համաժողովի ժամանակ հանձնաժողովը հաստատեց միջազգային Քրեական ոստիկանութիւն ստեղծելու նախաձեռնութիւնը, սակայն, այդ տեղի չ'ունեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկսելով պատճառով։
  • 1923 թուականին Վիեննաի մէջ երկրորդ համաժողովի ժամանակ հանձնաժողովը համակարգած է Քրեական ոստիկանութիւն ստեղծելու մասին նախագիծը։

Հանձնաժողովը ձեւականօրէն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ։ Ըստ կանոնագրութեան հանձնաժողովի նախագահը կը հանդիսանայ Աւստրիայի ոստիկանութեան պետը։

  • 1938 թուականէն նախագահողը կը դառնայ Ֆաշիստական Գերմանիան, Ինթըրփօլի գլխաւոր գրասենեակը կը տեղափոխուի Պեռլին, իսկ կազմակերպութեան նախագահները կը դառնան Ռայնիպդ Հեդրե (1940-1942), Արտուրնե Պեն (1942-1943) եւ Էռնեստ Կալտենբռուն (1943-1945) գեներալները[1] ։ Արդիւնքով պետութիւններու մեծամասնութիւնը դադարեց իր մասնակցութիւնը եւ փաստօրէն Ինթըրփօլը, որպէս միջազգային կազմակերպութիւն գոիւթիւն չ'ունէր։
  • Ինթըրփօլի վերականգնումը տեղի ունեցաւ միայն 1946 թուականին եւ գլխաւոր գրասենեակը տեղափոխուեցաւ Փարիզ։
  • Գործող կանոնադրութիւնը ընդունուած է 1956 թուականին, որով ալ հաստատուած է կազմակերպութեան նոր անուանումը՝ «Քրեական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութիւն»։
  • Ավելի ուշ՝ 1989 թուականին Ինթըրփօլի գլխաւոր գրասենեակը կը տեղափոխուի Լիոն, միաժամանակ, այդ քաղաքին մէջ կը կազմակերպուի գլխաւոր քարտուղարութեան ժամանակակից կոմպլեքսի շինարարութիւնը։
  • Ներկայիս Ինթըրփօլին կ'անդամակցի 190 պետութիւն։
Ինթըրփօլի անդամակցող երկրները

Ինթըրփօլի բարձրագոյն մարմնի նախագահը ընտրուած է տարեկան հանդիպման ընդհանուր ժողովի ժամանակ։ Ընտրուած են.՝

Երկրորդ մարմինը քարտուղարութիւնն է։ Գլխաւոր քարտուղարն է Ռոնալտ Նոպըլը, ով առաջին անգամ ընտրուած է 2000 թուականին, այնուհետեւ վերընտրուած 2010 թուականին 5 տարի ժամկետով։ Ինթըրփօլի Գործադիր կոմիտէն խորհրդարանական մարմինն է, ունի 13 անդամ, որոնք կ'ընտրուին 3 տարին մէկ ընդհանուր ժողովի կողմէն։ Գործադիր կոմիտէի հիմնական գործառոյթներն են՝

  • Գլխաւոր քարտուղարի աշխատանքներու վերահսկումը
  • Գլխաւոր Ժողովի որոշումներու կատարումը

1946 թուականէն ի վէր Ինթըրփօլի պաշտօնական մարմնի բաժինը կը դառնայ «International Criminal Police Review» ամսագիրը։ Ինթըրփօլի մարմիններու մշտական կեդրոնակայանն է Լիոն քաղաքը։

Գլխաւոր հանձնաժողովը, Լիոն

Ինթըրփօլի հիմնական խնդիրն է համակարգել առանձին երկիրներու միասնական քաղաքականութիւնը համընդհանուր հանցագործութիւններու դէմ։ Հիմնական խնդիրներէն են.

  • Միջազգային հետաքննութիւնը
  • Պայքարը հանցագործութիւններու դէմ (մարդկանց առեւտուր, թմրանիւթերու վաճառք, կեղծ արժեթղթերու վաճառք)

Պաշտօնական լեզուներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1914 – Մոնաքոյի մէջ կայացաւ քրեական ոստիկանութեան 1-ին համաժողովը, որիուն մասնակցած են 23 երկիրներ.
  • 1923Վիեննայի մէջ Քրեական ոստիկանութեան միջազգային հանձնաժողովի ստեղծում.
  • 1946Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կազմակերպութեան վերականգնում Փարիզի մէջ. Քարթային համակարգի ստեղծում եւ կարմիր անկիւնով առաջին քարթերի հրապարակում.
  • 1956 – Կազմակերպութիւնը վերանուանուեցաւ՝ Քրեական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան - Ինթըրփօլ.
  • 1971 – Ինթըրփօլը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանաչուեցաւ որպէս միջկառաւարական կազմակերպութիւն.
  • 1989 – Գլխաւոր քարտուղարութիւնը Փարիզէն կը տեղափոխուի Լիոն.
  • 1992 – Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւն Ինթըրփօլին.
  • 2004 – ՄԱԿ-ի մէջ Ինթըրփօլի ներկայացուցչութեան ստեղծում.
  • 2008 – Եւրոպական միութեանը կից Ինթըրփօլի ներկայացուցչութեան ստեղծում Պրիւսելի մէջ.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]