Հերմէս
Հերմէս (յուն․՝ Ἑρμῆς)` յունական դիցաբանութեան մէջ ողիմպիական պատանի աստուած մըն է, Զեւսի եւ Մայեա Պլէյեադի զաւակը:
Դիցաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հերմէսը աստուածներու սուրհանդակը եւ հանձնակատարն էր:[1] նաեւ "աստուածային խարդախ"[2] եւ "հովիւներու, գողերու, գերեզմաններու եւ մունետիկներու հովանաւոր":[3] Անոր կը նկարագրէին որպէս մահկանացու եւ աստուածային աշխարհներու միջեւ ազատ տեղաշարժուող, ան հոգիներու ուղեկիցն էր դէպի անդրաշխարհ:[4] Ան նաեւ ճամբաներու եւ ճամբորդներու հովանաւորը կը համարուի:[5] Որոշ առասպելներուն մէջ ան խաբեբայ էր եւ միւս աստուածները կը խորամանկէր իր բաւականութիւներու կամ մարդոց համար:
Անոր նշաններէն են աքաղաղը, կրիան, թեւաւոր սանդալիաները եւ գդակը: Անոր գլխաւոր պարագան է թեւաւոր անձի մը շուրջը փաթթուած օձերու տեսքով գաւազանը՝ կերուկէյոնը (յուն․՝ κηρύκειον): Հռովմէական պանթէոնին մէջ Հերմեսին կը համապատասխանէ Մերկուրին[6] որ, թէեւ ժառանգած է էտրուսկներէն, ունի բազմաթիւ նոյնական բնոյթներ, ինչպէս այն, որ առեւտուրի հովանաւոր է:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|