Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Յուղարկաւորութիւն

Յուղարկաւորութիւն Պելճիքա

Յուղարկաւորութիւն կամ թաղում, հանգուցեալը թաղելու (հողին յանձնելու) կարգն է ինչպէս նաեւ մահուան հանդէպ մարդկանց վերաբերմունքն է: Թաղումները կապուած եղած են կրօնական պատկերացումներու հետ եւ կատարուած են քարայրերու ու բնական փոսերու մէջ։ Հանդերձեալ կեանքի վերաբերեալ հաւատը մարդկանց ստիպած է մեռելը զարդարել, լաւ հագցնել, դամբարանին մէջ դնել ուտելիք, զէնքեր, աշխատանքային գործիքներ եւ այլն, միւս կողմէ, վախնալով անոնց, զանազան ծէսերու միջոցով «խանգարել» անոնց «վերադարձը»։ Ի պատիւ հանգուցեալին, գերեզմանին վրայ ստեղծած են բլուրներ (տես Դամբարանաբլուր), կառուցած տարաձեւ դամբարաններ (բուրգ, աշտարակ, մատուռ եւ այլն), դրած են խաչքարեր ու տապանաքարեր։ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ պրոնզի ու երկաթի դարերուն թաղած են տարբեր ձեւերով՝ պպզած ու թեւերը կծկած, կողքի վրայ պառկեցուցած՝ ձեռքերը գլխուն տակ, գետաքար կամ կաւաման դրած, գլուխն ու մարմինը իրարմէ անջատ՝ միեւնոյն կամ առանձին դամբարաններով, դիակառքի վրայ՝ խսիրով փաթթած, մէկ կողմ կամ երկու կարասի մէջ, խմբով՝ 3-45 դիակ մէկ դամբարան (Լճաշէն, Աստղաձոր, Կարճաղբոյր եւ այլն)։ Հանգուցեալի հոգիին հանգստութեան համար կատարուած են շարք մը արարողութիւններ՝ հոգեհանգիստ, հոգեհաց, եօթն օր, քառասունք, տարելից եւ այլն, որոնք պահպանուած են առ այսօր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։