DreamWorks
Տրիմ Ոուրքս Սթուտիօ (պաշտօնական անուանում՝ Տրիմ Ոուրքս II), յայտնի ամերիկեան շարժապատկերային ընկերութիւն, որ կը զբաղի ֆիլմերու, մուլտֆիլմերու, հեռուստահաղորդումներու եւ համակարգչային խաղերու մշակմամբ, արտադրութեամբ եւ վաճառքով։ Ան արտադրած է աւելի քան 100 մլն. տոլար հասոյթ ունեցող տասնեակ ֆիլմեր։ Ամէնաշահութաբերը այս պահի դրութեամբ Փարամաունթ Փիքչըր-ի հետ համատեղ արտադրած, Մայքըլ Պէյի «Թրանֆորմըրներ - Լուսնի Մութ Կողմը» ֆիլմն է, որուն հասոյթը կը գերազանցէ 1.2 միլիարը։ Իսկ սեփական արտադրութեամբ ամէնաշահութաբեր ծրագիրը «Յաւերժ Շրեք» մուլտֆիլմն է, որ ապահոված է մօտաւորապէս 752 միլիոն տոլար։
Ընկերութեան պատմութիւնը սկսած է 1994 թուականին, երբ Սթիւըն Սփիլպըրկի, Ճէֆրի Քացընպըրկի եւ Տաւիտ Կաֆնի (եւ իրենց սկզբնատառերով կազմուած է ընկերութեան անունը ՍՔՃ): Այս ձգտող բնաւորութիւնը զիրենք մղեց ստեղծել Հոլիվուտեան նոր արուեստանոց։ Յետագային համաձայնեցան վաճառել արուեստանոցը «Վիաքոմ» ընկերութեան, որ նաեւ կը գլխաւորէ Փարամաունդ Փիքչըրը։ Վաճառքը աւարտեցաւ 2006-ի Փետրուարին[1]։
Տրիմ Ոուրքս-ի գծաշարժական ստորաբաժանումը առանձնացաւ եւ դարձաւ անկախ ընկերութիւն, վերանուանուելով՝ Տրիմ Ոուրքս էնիմէյշն ՍՔՃ-ի։
2010 թուականէն Ոուլթ Տիզնի Սթուտիօզ Մոշըն Փիքչըրզ Ինթէրնեշընըլ ԱՄՆ-ի մէջ եւ դարձաւ Տրիմ Ոուրքսի գեղարուեստական ֆիլմերու գլխաւոր բաժանակիցը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Viacom to Sell DreamWorks Film Library»։ The New York Times։ AP։ March 18, 2006