Անգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական Միութենէն
Անգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական Միութենէն, նաեւ ծանօթ իբրեւ Brexit, ինչ որ «Britain» (Անգլիա) եւ exit (հեռացում, դուրս գալ) բառերու կրճատումներու միացումն է:[1] Այս հեռացումը քաղաքական նպատակ մըն է, որու իրականանալը կը սպասուի շատ մը մարդոց, դիւանագետներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ եւ կայ մինչ Անգլիոյ միացումէն Եւրոպական Միութեան 1973-ին: Եւրոպական Միութենէն հեռանալու իրաւունքը գոյութիւն ունի 2007-ի Եւրոպական Միութեան դաշնագրէն ի վեր:
1975 թուականին, հանրաքուէարկութիւն մը տեղի ունեցաւ հասնելու համար հաստատ համաձայնութեան Անգլիոյ համար եւ իր մասնակից դառնալը Եւրոպական Տնտեսական Հասարակութեան (ԵՏՀ) մէջ, այժմ գիտցուած իբրեւ Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ): Հանրաքուէի արդիւնքը այն էր, թէ 67%-ը ժողովուրդին համաձայն էր մնալու ԵՏՀ-եան մէջ:
Նոյն տիպի հանրաքուէարկութիւն մը տեղի ունեցաւ 23 Յունիս, 2016-ին, երբ Անգլիոյ խորհրդարանը դարձեալ հարց տուաւ իր ժողովուրդին, եթէ կը նախընտրեն մնալ, թէ լքել Եւրոպական Միութիւնը: Խորհրդարանը որոշած էր այս առիթը տալ 2015 էն ի վեր[2]:
Անջատուիլ՝ 17,410,742 (51.9%) |
Մնալ՝ 16,141,241 (48.1%) | ||
▲ |
Արդիւնքը երկրորդ հանրաքուէարկութեան այն էր, թէ 51.9%-ը ժողովուրդին (17,410,742 քուէ) ուզեց լքել Եւրոպական Միութիւնը, իսկ 48.1%-ը (16,141,241 քուէ) ուզեց մնալ: Քուէ տալու իրաւունքը ունեցողներէն միայն 72.2%-ը քուեարկած են:[3]
Ճշգրիտ հեռացման ընթացքը տակաւին հստակ չէ, սակայն կ'ըսուի, թէ շուրջ 2 տարի կրնայ տեւել: Անգլիոյ նախարարապետ/վարչապետ Տէյվիտ Քամերըն յայտարարեց հանրաքուէարկութեան արդիւնքներու յայտարարման օրը (24 Յունիս, 2016), թէ ինք կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ պիտի լքէ իր գործը տարուայ եկող Հոկտեմբերին:[4]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «The UK's EU referendum: All you need to know»։ BBC News։ արտագրուած է՝ 24 March 2016
- ↑ http://newbie-forex-trader.blogspot.am/2016/09/brexit.html
- ↑ «EU Referendum results 2016»։ BBC News։ 24 June 2016։ արտագրուած է՝ 24 June 2016
- ↑ «Could Scotland block Brexit?»։ արտագրուած է՝ 26 June 2016