Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Արեւահարութիւն

Երկար ժամանակ արեւի ուղղահայեաց ճառագայթներուն տակ մնալը, կը պահանջէ բացառիկ նախապատրաստութիւն

Արեւահարութիւն․ հիւանդագին վիճակ, որ կը պատճառէ երկար ժամանակ արեւի ուղղահայեաց ճառագայթներուն տակ մնալը։   Կը յայտնուի անմիջապէս ետք եւ կամ քանի մը ժամ ետք։

Արեւահարութեան ազդանշանները կը տարբերին․ անոնք են՝

Դէմքի եւ մարմնի կարմրութիւն, առաջին աստիճանի մորթի այրուածք, արագ եւ զօրաւոր սրտազարկ, սուր գլխացաւ,  գլխապտոյտ եւ սրտխառնուք, գիտակցութեան խանգարում, ուշաթափում, մարմնի ջերմաստիճանի բարձրացում, քիթի արիւնահոսութիւն։

Ի՞նչ պէտք է ընել

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւահարութիւնը պէտք է արագ դիմագրաւել։  Երբեմն, ծանր աստիճանի արեւահարութեան պարագային օգնութեան ուշացումը կրնայ մահուան պատճառ դառնալ:

Մեթեմա, Սուտան, Ափրիկէ․ Զինուորներ արեւահարուած հեծեալի մը կու տան առաջին օգնութիւնը․ «Iconographic» հաւաքածոյ [1]

Արեւահարուած անձը պահել շուքով զով վայր մը կամ տունը, զայն անմիջապէս զովացնել (զինք դնելով պաղ ջրցանի տակ կամ լոգաւազանի մէջ) եւ կամ զայն փաթթել պաղ թաց սաւանով եւ հովահարը բանալ։  Յաճախ հսկել մարմնին ջերմութիւնը եւ զովացնել, մինչեւ որ ան բնականոն դառնայ։ Ի յարկին, բժշկական օգնութեան դիմել։

Արեւահար երեխան շուքին փոխադրել  եւ զայն պարկեցնել։  Ապա թեթեւցնել հագուստը, անոր դէմքը լուալ պաղ ջուրով, գլխուն պաղ թրջոցներ դնել եւ մարմինը ծածկել խոնաւ սաւանով մը:

Առաջին օգնութիւնները տալէ ետք, պէտք է դիմել համապատասխան մասնագէտին:

Նախազգուշական քայլեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւահարութենէ պաշտպանուելու համար, ամենալաւ միջոցը նախազգուշական քայլերն են։

Երբ արեւը կիզիչ է, տան փեղկերն ու պատուհանները փակել եւ բանալ օրուան զով ժամերուն, որպէսզի տան օդը մաքրուի եւ թարմացուի։

Տաք օրերուն շուքին մնալ եւ խուսափիլ ծովափ ըլլալ կէսօրուան եւ յետմիջօրէի ժամերուն, առատ ջուր խմել, խուսափիլ ոգելից ըմպելիներ խմել, բաց գոյնի հագուստ եւ գլխարկ հագնիլ:

Կանգնեցուած ինքնաշարժներու մէջ քանի մը վայրկեանէ աւելի չմնալ։

[2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Գիտութեան Թանգարան (անգլերէն)
  2. Արեւահարութեան ազդանշաններ(անգլերէն)
  3. «Քաթիմերինի․ Գիտութական - Արեւահարութիւն եւ Ջերմահարուած(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-07-16-ին։ արտագրուած է՝ 2021-07-16 
  4. Եղանակի Հիւանդութիւններ. Արեւահարութիւն, Ազդակ․ 20-6-2019, ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
  5. [Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Արեւահարութիւն. Նշանները Եւ Պաշտպանուելու Եղանակները - Ազդակ․ 5-7-2018, ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ]
  6. Նայիրի բառարան․ արեւահարութիւն
  7. Արեւահարութիւն․ նախազգուշական քայլեր եւ ինչպէս դիմագրաւել(յունարէն)