Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Մարդկային Ծիները

Քրոմոզոմի հատուածի պատճէնում

Մարդկային ծիներու բնաշրջումը (evolution) հետազօտողները ուսումնասիրած են[1]: Անոնք կ'ըսեն, թէ յայտնաբերած են, որ մարդկային ծիները կը շարունակեն փոխել իրենց նախնական ձեւը:Անոնք կընդունին, որ ծինական հետազօտութիւնը բարդ է, եւ աւելի շատ ուսումնասիրութիւններ անհրաժեշտ են[2]:

Նոր Հետազօտութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոր հետազօտութիւնները նոր լոյս կը սփռեն ժամանակակից մարդոց բնաշրջումին վրայ. գործընթաց մը, որ կը շարունակուի մեր նախնիներէն` անոնցմէ բաժանումէն միլիոնաւոր տարիներ ետք:

Հետազօտողները այժմ աւելցուցած են գոյութիւն ունեցող գիտելիքները` ստեղծելու համար ծինական քարտէս մը, որ կը համեմատէ մարդը այլ ողնաշարաւորներու հետ` պարզելով, որ նոր յայտնաբերուած ծիներուն մէկ մասը բացարձակապէս իւրայատուկ է մարդոց:

Բացի անկէ` գիտնականները կ'ըսեն, որ այս բացայայտումները կրնան օգնել իրենց աւելի լաւ հասկնալու ծիներուն դերը որոշ հիւանդութիւններու պարագային:

Անոնց ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Cell Reports կենսաբանական ամսագիրին մէջ:

Թէեւ ծիներու ճշգրիտ ձեւով ուսումնասիրութիւնը կրնայ դժուար ըլլալ, գիտնականները կ'ըսեն, որ այս նոր տուեալներու հաւաքածոն կ'օգնէ ճանապարհ հարթելու դէպի մարդու ծիներու աւելի մեծ նրբութիւններու ընկալում:

Ծիները Կեանքի ուղեցոյցներուն գիրքերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Սան Տիեկոյի Juno Diagnostics-ի ծինական խորհրդատուութեան տնօրէն Քէյթի Սակասերի, կարելի է ծիներու մասին մտածել իբրեւ իւրաքանչիւր բջիջի միջուկին մէջ տեղակայուած հրահանգներու շարք մը:

Ես ծիները յաճախ կը նմանցնեմ դասագիրքի գլուխներու: Եթէ մենք իւրաքանչիւր բջիջի միջուկը նկատենք գրադարան մը, որ կը պարունակէ բարդ ծրագիրի մը հիմնական հրահանգները, ապա մենք կ'ակնկալենք, որ գրադարանին մէջ կան 23 զոյգ դասագիրքեր, ընդհանուր` 46: Այս դասագիրքերը կը ներկայացնեն իւրաքանչիւր ծինական ծնողէ ժառանգուած մարդկային քրոմոսոմները:
- Սակասեր Medical News Today-ին

Թէեւ իւրաքանչիւր ծնող կը տրամադրէ 23 «դասագիրքերու» մէկ հաւաքածոյ, սակայն հրահանգները կրնան զգալիօրէն տարբերիլ:

Երբ հետազօտողները խորանան քրոմոսոմներու մէջ գոյացած DNA քոտի փաթեթներուն մէջ, անոնք այնտեղ կրնան բացայայտել այդ տարբերութիւնները եւ սկսիլ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս այդ բոլորը տեղի կ'ունենան մարդու մարմինին մէջ:

Ծիները լիովին կանխատեսելի չեն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրավիճակը կը բարդացնէ այն փաստը, որ ծինափոխութիւնները` ըստ էութեան, տատանումները կամ խափանումները DNA-ի յաջորդականութեան մէջ լիովին կարելի են:

«Սա այն պարագան է, երբ երեխան կը ծնի de novo գերիշխող ծինափոխումով, այսինքն DNA քոտի մէկ տառը պատահականօրէն կը փոխուի այնպէս, որ կը յանգի անհատին եզակի ախտորոշման մը, որ չէր ժառանգած իր ծինական ծնողներէն ոեւէ մէկէն», բացատրեց Սակասեր:

Մէկ այլ փոփոխութիւն, որ կրնայ դժուարացնել ծիներու կանխատեսումը, այն փաստն է, որ մարդու DNA-ի քոտի տատանումները կրնան յառաջանալ անոր կեանքի ընթացքին, օրինակ` քաղցկեղի որոշ տեսակներու պատճառով:

Մտաբերենք մեր գրադարանի օրինակը. եթէ ոեւէ մէկուն յանձնարարենք վերատպել եւ վերարտադրել դասագիրքերու այդ հաւաքածոյի իւրաքանչիւր նախադասութիւնն ու տառը, ապա բացարձակապէս հնարաւոր է, որ տառասխալ յառաջանայ: Երբեմն ուղղագրական սխալները շատ քիչ հետեւանքներ կ'ունենան: Այլ պարագաներու, սակայն, ուղղագրական եւ այլ տառադարձման սխալները կրնան ընդհանրապէս փոխել նախատեսուած հաղորդագրութիւնն ու հրահանգները:
- Սակասեր

Մարդու բնաշրջումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զոյգ գիտնականներ` Նիկոլաոս Վաքիրլիսը, նոր հետազօտութեան գլխաւոր հեղինակը եւ Յունաստանի Ալեքսանտր Ֆլեմինկ կենսաբժշկական գիտութիւններու հետազօտական կեդրոնի կրտսեր գիտաշխատողը, ինչպէս նաեւ Իրլանտայի Տուպլինի Թրինիթի քոլէճի աւագ հեղինակ Իֆա ՄաքԼայսա ուսումնասիրած են այս «որբ» de novo ծիները տարիներ շարունակ:

Հոնկէ Վաքիրլիս եւ ՄաքԼայզա կը փորձեն յստակացնել, թէ ե՛րբ այս յաջորդականութիւնները առաջին անգամ զարգացած են մարդկային «տոհմ»ի երկայնքին, ինչպէս նաեւ պարզեցին մեքանիզմներ, որոնք թոյլ տուած են անոնց յառաջացման:

Անոնք կրցած են գտնել ընդհանուր առմամբ 155 ծագման միքրոփրոթէիններ:

Վաքիրլիս կը յայտնէ, որ այս 155 de novo ծագում ունեցող միքրոփրոթէիններու մօտ մէկ երրորդը արդէն գործուն է` շեշտելով, որ անոնցմէ երկուքը բոլորովին յատուկ էին մարդոց:

Այն, ինչ մենք գտանք, նշանակալի է, որովհետեւ այն կ'աւելցնէ մարդու կենոմի մեր ըմբռնումը, ներառեալ` մարդուն յատուկ ծիներու մանրամասնութիւնները, թէեւ` չնչին ձեւով,- ըսաւ Վաքիրլիս: Մեր բացայայտումները նաեւ դիտել կու տան, որ շատ աւելի երիտասարդ, բայց կարեւոր միքրոփրոթէիններ կրնան պահուած ըլլալ մարդու բջիջներուն մէջ, որոնք կրնան յայտնաբերուիլ միայն մանրակրկիտ փորձերով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]