Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Պոթստամի Համագումար

Համագումարի աշխատանքներուն կը մասնակցին՝ Քլեմընթ Էթլին, Էրնեսթ Պեւինը, Վեաչեսլաւ Մոլոտովը, Իոսիֆ Սթալինը, Ուիլիամ Տեհին, Ճոզեֆ Տէյվիսը, Ճէյմս Պիրնսը եւ Հարրի Թրումէնը
Իոսիֆ Սթալինի եւ Հարրի Թրումէնի հանդիպումը Պոթստամի համագումարի ծիրին մէջ[1]

Պոթստամի համագումար[2][3][4][5](անգլերէն՝ Potsdam Conference), համագումար մըն է, որ տեղի ունեցած է 17 Յուլիս-էն 2 Օգոստոս 1945-ին Գերմանիոյ Պոթստամ քաղաքին մէջ։ Ցեցիլիենհոֆ պալատին մէջ կայացած են համագումարի աշխատանքները, որուն մասնակցած են հակահիթլըրեան դաշնակցութեան երեք մեծ երկիրներու առաջնորդները՝ որոշելու յետպատերազմեան Եւրոպայի հետագայ ճակատագիրը։ Պոթստամի համագումարը դարձաւ վերջինը «Մեծ եռեակի» առաջնորդներ Իոսիֆ Սթալինի, Ուինսթոն Չիրչըլի եւ Հարրի Թրումէնի համար։ Համագումարի վերջին օրերուն Չիրչըլին փոխարինեց Քլեմընթ Էթլին։

Այս համագումարը երրորդ եւ վերջին հանդիպումն էր «Մեծ եռեակի» առաջնորդներ Իոսիֆ Սթալինի, Ուինսթոն Չիրչըլի եւ Հարրի Թրումընի միջեւ։ Առաջին երկուքը տեղի ունեցած էին Թեհրանի (Իրան) եւ Եալթայի մէջ (ԽՍՀՄ)։ Համագուամրի նպատակը պարտուած Երրորդ Ռայխի քաղաքական եւ տնտեսական հետագայ ճակատագիրի որոշումն էր։ Համագումարի ընթացքին քննարկուած են նաեւ հարցեր, որոնք կը վերաբերէին պարտուած քաղաքացիներու նկատմամբ վերաբերմունքին, ռազմական յանցագործներու պատիժին, ինչպէս նաեւ կրթական եւ դատական համակարգերուն մէջ փոփոխութիւններու իրականացման։

Թրումէնը կը ժամանէ Պերլինի օդակայան
Թրումէնը կը ժամանէ Պերլինի օդակայան
Պոթստամի համագումար․ ձախէն աջ՝ Ուինսթոն Չիրչըլ, Հարրի Թրումէն եւ Իոսիֆ Սթալին

Համագումարին մասնակցած են՝

  • «Մեծ Եռեակի Առաջնորդներ»՝ ԱՄՆ-ու նախագահ Հարրի Թրումէն (մասնակցած է բոլոր նիստերուն), ԽՍՀՄ կոմիսարներու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար եւ Պաշտպանութեան պետական կոմիտէի նախագահ Իոսիֆ Սթալին, Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթոն Չիրչըլ։ Իշխանութեան փոփոխութեան պատճառով համագումարի աշխատանքներուն մասնակցած է նաեւ Չիրչըլի հակառակորդ Քլեմընթ Էթլին, Բրիտանիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու պատճառով։
  • Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Ճէյմս Պիրնս (ԱՄՆ), Վեաչեսլաւ Մոլոտով (ԽՍՀՄ), Էնթոնի Իտէն (մինչեւ 25 Յուլիս) / Էրնեստ Պեւին (28 Յուլիս-էն) (Մեծ Բրիտանիա), ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարարներ եւ նախարարութեան այլ պաշտօնեաներ։
  • Ռազմական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ։

ԱՄՆ-ու եւ Մեծ Բրիտանիոյ պատուիրակութիւնները ժամանեցին 15 Յուլիս-ին։ Համագումարի նախօրեակին Չիրչըլը եւ Թրումէնը առանձին-առանձին այցելած էին Պերլին՝ տեսնելու Երրորդ Ռայխ-ի աւերուած մայրաքաղաքը, որ քանի մը տարի շարունակ սարսափի մէջ կը պահէր ամբողջ Եւրոպան։

ԽՍՀՄ-ի պատուիրակութիւնը՝ Իոսիֆ Սթալինի գլխաւորութեամբ 16 Յուլի«ս-ին ժամանեց Պերլին, ուր անոնց դիմաւորեց Արեւմտեան ռազմաճակատի խորհրդային զորքերու գլխաւոր հրամանատար մարշալ Գէորգի Ժուկովը։

17 Յուլիս-ին ժամը 12։00-ին տեղի ունեցաւ քննարկում՝ մէկ կողմէ Սթալինի եւ Մոլոտովի, իսկ միւս կողմէ Հարրի Թրումէնի եւ ԱՄՆ պետքարտուղար Պիրնսի միջեւ։ Թարգմանիչն էր ԽՍՀՄ արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարիատի փորձագէտ-խորհրդատու Սերգէյ Կոլունսկին։ Զրոյցի ընթացքին Թրումէնը Սթալինին վստահեցուց, որ «ան ուրախ է ծանօթանալու պրն․ Սթալինի հետ եւ կը ցանկայ հաստատել անոր հետ «այնպիսի բարեկամական յարաբերութիւններ, ինչպիսին ունեցած է գեներալիսիմուս Սթալինը նախագահ Ռուզվելտի հետ»։ Թրումէնը հաւատացած է, որ աշխարհի ճակատագիրը կը գտնուի երեք գերտիրութիւններուն ձեռքը»։ Ստալինը պատասխանեց, որ «Սովետական կողմը մշտապէս պատրաստ է առաջ շարժիլ ԱՄՆ-ոպ հետ միասին»[6]։

26 Յուլիս-ին Մեծ Բրիտանիոյ մէջ յայտարարուեցան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, որուն պատճառով բրիտանական պատուիրակութիւնը սկսաւ ղեկավարել Քլեմընթ Էթլին։ Չիրչըլը 28 Յուլիս-ին լքեց համագումարը։

Պատուիրակութիւններու Տեղակայումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ցեցիլիենհոֆ պալատը, ուր տեղի ունեցած են համագումարի աշխատանքները

Համագումարին համար յատկացուեցաւ Ցեցիլիենհոֆ պալատի 176 սրահներէն 36-ը։ Պատուիրակութիւնները տեղաւորուած էին Պոթստամի Պապելսպըրկ շրջանին մէջ։ Սովետական պատուիրակութիւնը տեղաւորուեցաւ զօրավար Էրիխ Լիւտենտորֆին պատկանող վիլլային մէջ։ Ամերիկացիներու աշխատանքային սենեակը կրոնպրինցին պատկանող ընդունելութեան սրահն էր։ Իսկ բուն աշխատանքային սենեակը կ'օգտագործուէր սովետական պատուիրակութեան կողմէ։

Ներկայիս Ցեցիլիենհոֆի մէջ կը գործէ Պոթստամի համագումարի թանգարանը, ուր կը ցուցադրուի համագումարի աշխատանքային գործընթացի գերակշռող հատուածը։

Ղեկավարներու Միջեւ Փոխադարձ Յարաբերութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խրիմի Համագումարին յաջորդած հինգ ամիսներու ընթացքին աշխարհի վրայ տեղի ունեցած էին մեծ փոփոխութիւններ, որոնք էապէս իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են ղեկավարներու միջեւ յարաբերութիւններու վրայ։

1. Խորհրդային Եւրոպան գրաւած էր Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպան
Յուլիսին Կարմիր բանակը յաջողութեամբ կը վերահսկէր Մերձպալթիկան, Լեհաստանը, Չեխոսլովաքիան, Հունգարիան, Պուլկարիան եւ Ռումանիան։ Այս երկիրներու բնակիչները, վախնալով ստալինեան զորքերու յաջող յառաջխաղացումէն, կը գաղթէին Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ: Այս գաղթը կը նպաստէր այդ երկիրներու ընկերա-տնտեսական վիճակի վատթարացման։ Իոսիֆ Ստալինի անմիջական յանձնարարութեամբ համայնավար կառավարութիւն ձեւաւորուած էր Լեհաստանի մէջ։ Ստալին կը նշէր, որ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ խորհրդային վերահսկողութեան գոյութիւնը կը պաշտպանէ տարածաշրջանը հնարաւոր յարձակումներէ եւ կ'ավելացնէ, որ խորհրդային ազդեցութեան տարածումը Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ միանգամայն օրինական է[7]։

2. Մեծ Բրիտանիան ունէր նոր վարչապետ
Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւքները յայտնի դարձան համագումարի ընթացքին։ Պահպանողական կուսակցութիւնը՝ Ուինսթոն Չիրչըլի գլխավորութեամբ իր տեղը զիջեցաւ Լէյպորիստական կուսակցութեան, որ կը գլխաւորէր Քլեմընթ Էթլին։ Այս պատճառով, համագումարին բրիտանական պատուիրակութիւնը սկսաւ ղեկավարել Քլեմընթ Էթլին։ Ուինսթոն Չիրչոլը, ի տարբերութիւն ԱՄՆ նախագահ Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելտի, այլ մօտեցում ունէր ԽՍՀՄ նկատմամբ։ Ան կը կարծէր, որ Ստալին «բռնապետի կերպարանքով հրեշ է, որ կը ղեկավարէ զզուելի համակարգը»[8]։

3. ԱՄՆ ունէր նոր նախագահ, իսկ պատերազմը դեռ ընթացքի մէջ էր
Նախագահ Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելտը մահացաւ 12 Ապրիլ 1945-ին։ Փոխնախագահ Հարրի Թրումէնը ստանձնեց նախագահի լիազօրութիւններու կատարումը։ Ան մասնակցած է «Յաղթանակ Եւրոպայի Մէջ» եւ «Յաղթանակ Ճափոնի Մէջ» տօնակատարութիւններուն։ Ամբողջ պատերազմի ընթացքին Ռուզվելտ անընդհատ կը շեշտէր, որ պէտք չէ թոյլ տալ Ստալինին յառաջընթաց ունենալու Արեւելյան Եւրոպայի մէջ։ Ան կը նշէր. «Ես մեծ կասկածներ ունիմ մարդու այդպիսի տեսակի նկատմամբ, ինչպէս որ Ստալինն է» եւ կը մեկնաբանէր. «Ես կը կարծեմ, որ եթէ բան մը նուիրեմ անոր, ապա փոխադարձ նուիրատւութեուն հաստատօրէն չեմ ստանար»[9]։

Հարրի Թրումէնը աւելի կասկածամիտ մօտեցում ունէր համայնավար հասարակարգի նկատմամբ, քան Ռուզվելտը։ Թրումէն եւ անոր խորհրդականները կը գտնէին, որ սովետական գործողութիւնները Արեւելեան Եւրոպայի մէջ թշնամական ծաւալապատկանութեան վառ դրսեւորումներ են եւ կը հակասեն Խրիմի Համագումարի պահանջներուն, որ ընդունուած էր նոյն տարուան Փետրուարին։ Պոթստամի համագումարը առաջին եւ վերջին անգամն էր, երբ Հարրի Թրումէնը հանդիպեցաւ Իոսիֆ Ստալինին[10][11]։

Վերջնական Որոշում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գերմանիան գրաւելու նպատակով՝ դաշնակիցները կ'առաջնորդուէին ապանացիստականացման, ապառազմականացման, ժողովրդավարացման, ապակեդրոնացման եւ ապակարտելիզացման կարգախօսներով։ Առանցքային էր նաեւ Գերմանիոյ միասնականութեան հարցը։

Պոթստամի համագումարի որոշումով Գերմանիոյ արեւելեան սահմանները տեղափոխուեցան արեւմուտք՝ դէպի Օտեր-Նէյսէ հատուածը, որ 25%-ով կրճատեց երկրի սահմանները 1937-ի համեմատութեամբ։ Նոր սահմաններէն արեւելք ինկած տարածքներն էին Արեւելեան Պրուսիան, Սիլեզիան, Արեւմտեան Պրուսիան եւ Պոմերանիան: Այս մէկը հիմնականին գիւղատնտեսական տարածքներ էին, բացառութեամբ Վերին Սիլեզիոյ, որ Գերմանիոյ ծանր արդիւնաբերութեան առատութեամբ երկրորդ կեդրոնն էր։ Գերմանիոյ կողմէ արեւելք զաւթուած տարածքներուն մեծ մասը վերադարձուեցաւ Լեհաստանին: ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ մտաւ Արեւելեան Պրուսիոյ մէկ երրորդ մասը՝ Քիոնինգսպըրկ մայրաքաղաքով, որ հետագային անուանափոխուեցաւ Քալինինկրատի։ 1946-ի Մարտէն ձեւաւորուեցաւ Քալինինկրատի մարզը։

22-23 Յուլիս-ին Ստալինը եւ Մոլոտովը տարածքային պահանջներ ներկայացուցին Թուրքիոյ։ Մասնաւորապէս Ստալինը կը պահանջէր Վոսփորիի եւ Տարտանելի նեղուցներու ազատականացումը եւ Արեւմտեան Հայաստանի միաւորումը ՀԽՍՀ-ին։ Այս պահանջները չպաշտպանուեցան ամերիկեան եւ բրիտանական պատուիրակութիւններուն կողմէ, սակայն վերջնական որոշումին մէջ յստակ նշուած էր, որ նեղուցներուն հարցը կարելի է որեւէ մէկ պահու վերատեսութեան ենթարկել՝ հաշուի առնելով թրքական կողմի կարծիքը։

Նշանակուեցան վնասուց հատուցումներ։

Պոթստամի համագումարի ընթացքին Ստալինը հաստատեց ԽՍՀՄ մօտեցումը այն մասին, որ ոչ ուշ Գերմանիոյ կապիտուլիացիայի օրէն երեք ամսուան ընթացքէն, ԽՍՀՄ-ը պէտք է պատերազմ յայտարարէր Ճափոնի դէմ։ Ճափոնի հետ պատերազմող ԱՄՆ-ը, Մեծ Բրիտանիան եւ Չինաստանը նոյնպէս ստորագրեցին Պոթստամի հռչակագիրը (հրապարակուած 26 Յուլիս-ին)՝ պահանջելով Ճափոնէն շուտափոյթ կապիտուլյացիա։ 8 Օգոստոս 1945-ին Խորհրդային Միութիւնը պատերազմ յայտարարեց Ճափոնի դէմ։

Համաձայնագիրին համաձայն Քորէան բաժնուեցաւ երկու մասի, որուն պատճառով հիւսիսային հատուածը անցաւ սովետական, իսկ հարաւային հատուածը ամերիկեան խնամակալութեան տակ, չնայած ամբողջ համագումարին ընթացքին քորէական հարցը չէ բացուած։

Ամենաթէժ հարցերէն մէկը, որ քննարկուած է համագումարի ընթացքին, գերմանական պահպանուած նաւատորմի բաժանումն էր[12]։

Համագումարի վերջին օրը պատուիրակութիւններու ղեկավարները ընդունեցին յետպատերզմական խնդիրներու լուծման հռչակագիր, որ 1945-ն համաձայնեցուեցաւ Ֆրանսայի հետ, որովհետեւ վերջինս չէր հրաւիրուած համագումարին։ Համագումարի ընթացքին շարք մը հակասութիւններ եղած են մասնակիցներու միջեւ, որուն պատճառով ծագեցաւ Սառի Պատերազմը։

Միջուկային Զէնք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համագումարի նախօրէին ԱՄՆ կատարեց Միջուկային Զէնքի առաջին փորձարկումը Նիւ Մեքսիքօ նահանգին մէջ։ 24 Յուլիս 1945-ին Պոթստամի մէջ Թրումէնը «տեղեկացուց» Ստալինին, որ ԱՄՆ արդէն ունի «հզօր կործանարար ազդեցութեամբ զէնք»։ Ուինսթոն Չիրչըլը իր յուշերուն մէջ գրած է, որ Ստալինը ծիծաղած է, սակայն չէ հետաքրքրուած մանրամասնութիւններով[13]։ Ատկէ ետք Չիրչըլը եւ Թրումէնը եկած են այն եզրակացութեան, որ Ստալինը ոչինչ հասկցաւ եւ տեղեակ չէ դէպքերու զարգացումէն։ Ժամանակակից որոշ հետազօտողներ կը կարծեն, որ այդ մէկը ուղղակի Ստալինի կողմէ խաղ եղած է։ Նոյն գիշեր Ստալինը հրամայեց Մոլոտովին խօսած Իկոր Կուրչատովի հետ՝ արագացնելու ատոմային ռումբի պատրաստման գործընթացը։

Նախորդ Մեծ Համագումարներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետաքրքիր Փաստեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Պոթստամի համագումարին ԽՍՀՄ-ի պատուիրակութեան յատուկ գնացքը բերուած է ոչ թէ զրահագնացքով, այլ՝ քարշակով։
  • Բրիտանական պատուիրակութիւնը ժամանած է օդանաւով․ իսկ ամերիկեան պատուիրակութիւնը Ատլանտեան Ովկիանոսը կտրած է «Քուինզի» կրէյսերով եւ հասել մինչեւ Ֆրանսա, իսկ այնտեղէն նախագահական «Սուրբ Կով» անունը կրող օդանաւով թռած է Պերլին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Description of photograph, Truman Library.
  2. «Avalon Project - A Decade of American Foreign Policy 1941-1949 - Potsdam Conference»։ Avalon.law.yale.edu։ արտագրուած է՝ 20 March 2013 
  3. Russia (USSR) / Poland Treaty (with annexed maps) concerning the Demarcation of the Existing Soviet-Polish State Frontier in the Sector Adjoining the Baltic Sea 5 March 1957 (retrieved from the UN Delimitation Treaties Infobase, accessed on 18 March 2002)
  4. "Potsdam-Conference" Encyclopædia Britannica
  5. «BBC Fact File: Potsdam Conference»։ Bbc.co.uk։ 2 August 1945։ արտագրուած է՝ 20 March 2013 
  6. «Запись беседы Председателя Совета Народных Комиссаров СССР с президентом США»։ М.: Издательство политической литературы, 1984.։ 1945-07-17։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-01-20-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-10 
  7. Leffler, Melvyn P., "For the South of Mankind: The United States, the Soviet Union and the Cold War, First Edition, (New York, 2007) pg 31
  8. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  9. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  10. Harry S. Truman, Memoirs, Vol. 1: Year of Decisions (1955), p.380, cited in Lenczowski, American Presidents, p.10
  11. Nash, Gary B. "The Troublesome Polish Question." The American People: Creating a Nation and a Society. New York: Pearson Longman, 2008. Print.
  12. «Доклад специальной комиссии по выработке рекомендаций относительно распределения германского военно-морского и торгового флота»։ М.: Издательство политической литературы, 1984.։ 1945-07-31։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-01-20-ին։ արտագրուած է՝ 2013-04-10 
  13. Никитчук И. И. Сталин и советский атомный проект(ռուս.) // Марксизм и современность : журнал. — 2000. — № 1 (15). — С. 178—179.

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]