Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Քնախտ

Քնախտ, հիւանդութիւն, որուն հետեւանքով ենթական բնական քուն չ’ունենար։ Այն ընդհանրացած ախտ մըն է եւ կը պատահի որեւէ տարիքի, բայց առաւելաբար՝ երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ։ Քնախտը հիմնականօրէն քունի կորուստն է։

Քունը կարեւոր նախապայմաններէն մէկն է մարդու բնականոն եւ առողջ կեանքին. ան կարեւոր դեր կը խաղայ մարդու մտային, հոգեկան, զգացական եւ ֆիզիքական առողջութեան պահպանման եւ բնականոն աճման, ինչպէս նաեւ անոր փայլուն արտադրողականութեան։ Մարդ արարածը քնանալով կը գտնէ իր մարմնական, մտային, հոգեկան եւ զգացական հանգիստը։ Չափահասները օրական կը քնանան մօտաւորապէս 8 ժամ, իսկ մանուկները՝ 12-18 ժամ, որովհետեւ անոնք շատ աւելի հանգիստի կը կարօտին իրենց աճման ընթացքին։ 75 տարեկան մարդ մը իր կեանքի ընթացքին քնացած կ՚ըլլայ 25 տարի։

Քնախտի երեւոյթներն ու ձեւերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քնախտը կը յայտնաբերուի զանազան երեւոյթներով եւ ձեւերով։ Քնախտի յաճախակի երեւոյթներն են՝

1.- Գիշերային անբաւարար քուն. ենթական կը գանգատի քունի սովէ, այսինքն չի կշտանար քունէն։

2.- Քնանալու դժուարութիւն. ենթական կը տապլտկի անկողինին մէջ ժամերով, մինչեւ որ կարողանայ քնանալ.

3.- Առաւօտուն կանուխ արթննալու հարկադրանք. ենթական առաւօտուն շատ կանուխ կ՚արթննայ եւ անկարող կ՚ըլլայ ետ քնանալու.

4.- Գիշերային քունի դժուարութիւն, ենթական գիշերը քնանալու փոխարէն կը քնանայ ցերեկը.

5.- Քունի ընդհատում եւ մնայուն արթնութիւն մինչեւ առաւօտ. ենթական քանի մը ժամ քնանալէ ետք կ՚արթննայ եւ արթուն կը մնայ մինչեւ առաւօտ.

6.- Մէկէ աւելի քունի ընդհատումներ արթնութեան ընդմիջումներով. ենթական ամբողջ գիշերուան տեւողութեան կ՚արթննայ քանի մը անգամ, որոշ ժամանակ մը կը մնայ կատարեալ արթուն վիճակի մէջ եւ կրկին կը քնանայ.

7.- Երկար գիշերային քունէ ետք, առաւօտեան մարմնական-ֆիզիքական եւ հոգեկան գանգատներ.

Քնախտը կրնայ ըլլալ՝

1.- Անցողակի, երբ կը տեւէ միայն քանի մը գիշեր.

2.- Կարճատեւ, երբ կը տեւէ 2-3 շաբաթ.

3.- Երկարատեւ-մնայուն, երբ կը տեւէ ամիսներ:

Քնախտի ախտապատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քնախտի ախտապատճառները կրնան ըլլալ ընկերային, հոգեբանական, բնախօսական եւ հետեւանք այլ հիւանդութիւններու եւ կարգ մը դեղերու գործածութեան։ Անցողակի քնախտը կը պատահի բազմաթիւ հիւանդութիւններու ընթացքին ցաւի, ճնշուածութեան եւ մտահոգութեան պատճառով։ Կարճատեւ եւ երկարատեւ քնախտը կը պատահի ընդհանրապէս հոգեբանական հիւանդութիւններով տառապող հիւանդներու մօտ։ Ընկճուածութիւն, մնայուն մտահոգութիւն, ճնշուածութիւն, աշխատանքային դժուարութիւն, անգործութիւն, մարմնական եւ մտային մարզանքի պակաս, ինչպէս նաեւ յոռի սննդառութիւնը անմիջական պատճառները նկատուած են երկարատեւ քնախտի։

Քնախտը ենթակայական դժուարութիւն մըն է։ Քնախտէ տառապող անձը կը տառապի ֆիզիքական, մտային, հոգեկան եւ ընկերային դժուարութիւններէ. անոր արտադրողականութիւնը կը նուազի, կեդրոնացումը կը խախտի, յարաբերութիւնները կը կը նուազին։ Ան անհաղորդ կը դառնայ, ջղային վիճակ կ’ունենայ, անկարող կ՚ըլլայ բնական ձեւով հետեւելու իր սովորական աշխատանքին եւ կեանքի պայմանները դիմագրաւելու ու ձախողութիւններու կ՚ենթարկուի։

Քնախտէ տառապող անձ մը կրնայ պատուհաս դառնալ ընկերութեան. հետեւաբար ընկերութիւնը մտահոգուելու է եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու է քնախտէ տառապողներուն, որովհետեւ քնախտը իր ժխտական հետեւանքները կրնայ ունենալ ընկերութեան ապահովութեան, տնտեսութեան եւ առողջապահական ու ընկերային իրավիճակին վրայ։ Այս ախտէն տառապողները կ՚ունենան՝

1.- Ինքնաշարժի աւելի շատ արկածներ, հիւանդանոցային շտապ այցելութիւններ, ընկճուածութիւն, սրտի զարկ, բարձր զարկերակային ճնշում եւ կարճ կեանք.

2.- Անբնական մարդկային փոխյարաբերութիւն.

3.- Նուազ ընկերային կեանք եւ հանդիպումներ.

4.- Անկանոն եւ ապարդիւն աշխատանք.

5.- Տկար արտադրողականութիւն.

6.- Յաճախակի ձախողութիւններ։

Քնախտի դարմանումի դեղերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քնախտի դարմանումը կը կայանայ հիմնականօրէն ախտապատճառներու ախտաճանաչումով եւ անոնց դարմանումով, որ կը կատարուի յատուկ դեղերու գործածութեամբ։ Այս դեղերը օժտուած ըլլալու են հետեւեալ յատկութիւններով՝

1.- Կը յառաջացնեն արագ քուն.

2.- Կը յառաջացնեն գիշերային ամբողջական քուն.

3.- Հիւանդին կու տան ցերեկային աշխուժութիւն, աշխատելու բնականոն կարողութիւն, ընդունելի արտադրողականութիւն եւ բաւարար ընկերային կեանքի կարելիութիւն.

4.- Առաջքը կ՛առնեն յաջորդ առաւօտ յոգնած արթննալու.

5.- Պէտք չէ ունենան հպատակութիւն, ենթակայութիւն, կապուածութիւն եւ մոլութիւն յառաջացնելու յատկութիւն.

6.- Պէտք չէ յառաջացնեն մոռացկոտութիւն, շնչառական դժուարութիւն, մկանային թուլութիւն եւ անբնական շարժումներ, ինչպէս նաեւ ջղային դրութեան խանգարումներ.

7.- Պէտք է ըլլան կարճատեւ դարմանումի միջոց.

Առաւելագոյն օգուտը ստանալու համար այս դեղերէն, քնախտէ տառապող հիւանդը պէտք է հետեւի է իր բժիշկին թելադրութիւններուն, գործածէ դեղերը ճշդուած քանակով, ճշդուած ժամուն եւ առանց ալքոլի։ Հոգեբանական հիւանդութիւններ ունեցող անձեր, ալքոլամոլներ եւ տարեցներ շատ զգուշութեամբ պէտք է գործածեն նման դեղեր եւ միշտ բժիշկի հետեւողական հսկողութեամբ։ Դեղերու գործածութեան կողքին խիստ կարեւոր են բժիշկին կողմէ մարդկային հոգածութիւնը եւ թելադրութիւնները, որոնք մեծապէս կ՚օգնեն հիւանդին. անոնց միջոցով ան կը վերագտնէ իր բնականոն քունի ընթացքը եւ քնանալու կարողականութիւնը ու իր մէջ կը զարգանայ ինքնավստահութիւն։

Հետեւեալ թելադրութիւնները օգտակար են քնախտէ տառապող հիւանդներուն, որպէսզի անոնք շուտով վերագտնեն իրենց բնականոն քունի ընթացքը՝

1.- Հետեւիլ բժիշկին բոլոր թելադրութիւններուն.

2.- Ունենալ ամէնօրեայ օրինաւոր մտային եւ մարմնական մարզանք.

3.- Հեռու մնալ պարտադիր եւ բռնազբօսիկ քունէ.

4.- Ունենալ ընկերային կեանք եւ մասնակից դառնալ ընկերութեան բոլոր շարժումներուն եւ աշխատանքներուն.

5.- Քնանալէ առաջ տաք ջուրով լոգնալ.

6.- Ննջասենեակը ունենայ օրինաւոր ջերմութիւն եւ լուսաւորում.

7.- Քնանալէ առաջ կարդալ եւ կամ ունկնդրել մեղմ երաժշտութիւն.

8.- Հեռու մնալ շատակերութենէ. ընթրիքը ըլլայ թեթեւ. քնանալէ առաջ թէյ, սուրճ եւ ալքոլ չխմել ու ծխախոտ չծխել.

9.- Ունենալ բնականոն եւ օրինաւոր սննդառութիւն.

10.- Ամէն օր քնանալ եւ արթննալ նոյն ժամուն.

11.- Խուսափիլ շատ կանուխ քնանալէ: