Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Էյֆելի աշտարակը

Էյֆելի աշտարակը (ֆրանսերէն՝ La Tour Eiffel), երկաթեայ վանդակաւոր աշտարակ՝ տեղակայուած Մարսեան դաշտին մէջ՝ Փարիզ։

Անիկա անուանուած է ի պատիւ ճարտարապետ Կիւսթաւ Էյֆելին, որուն հաստատութիւնը ծրագրած եւ կառուցած է աշտարակը[1]։

6 Մայիս 1889-ին, Էյֆելի աշտարակը իր դռները կը բանայ հանրութեան առջեւ`դառնալով Ֆրանսայի մայրաքաղաքին խորհրդանիշը։

Կառուցուած է Համաշխարհային ցուցահանդէսի մը ընթացքին, երբ կը նշուէր ֆրանսական յեղափոխութեան հարիւրամեակը։

Էյֆելի աշտարակը ժամանակակից ճարտարապետութեան խորհրդանիշն է[2]

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ այս շինութեան մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 41 տարի շարունակ` այս շինութիւնը ամէնէն բարձրն էր աշխարհի տարածքին։ Մինչեւ 1930 թուական, 300 մեթր բարձրութեամբ այս աշտարակը` իր կառուցման օրէն ամէնէն բարձր շինութիւնը կը մնայ, որմէ ետք, Նիւ Եորքի «Chrysler» երկնաքերները կը խլեն անոր տեղը։
  • Մշտական պիտի չըլլար: Սկիզբէն Էյֆելի աշտարակը կը նախատեսուէր քանդել համաշխարհային ցուցահանդէսէն 20 տարի ետք։ Սակայն 1900-ին ֆրանսական բանակը ամէնէն բարձր կէտին մէջ կը տեղադրէ ձայնասփիւռի ալեհաւաք մը (անթէն)։ Նացիստներու կողմէ Փարիզի շրջափակման ատեն` 1940-1944, ալեհաւաքը կ'օգտագործէին գերմանական հեռուստատեսութեան հեռարձակման համար։
  • Փարիզը միակ քաղաքը կ'ըլլայ, որ կը համաձայնի կառուցել Էյֆելի աշտարակը: Էյֆելի աշտարակը կրնար այլ եւրոպական քաղաքներէն մէկուն խորհրդանիշը ըլլալ, որովհետեւ Կիւսթաւ Էյֆել այս ծրագիրը կը ներկայացնէ տարբեր քաղաքներու մէջ, բայց ոչ մէկը կ'ընդունի կառուցել այս հսկայական շինութիւնը` ճարտարապետական անհամապատասխանութեան պատճառով։ Ներկայիս ամբողջ աշխարհի տարածքին կան աշտարակին 17 կրկնօրինակները՝ Լաս Վեկասինը ամէնէն բարձրը` 165մ, Միշիկընինը՝ ամէնէն ցածը, 3մ։
  • Կիւսթաւ Էյֆելի անունը այդպէս չէր: Էյֆելի ընտանիքը գերմանական ծագում ունէր եւ կ'անուանուէր Պյոնիկհաուս, բայց ֆրանսացիները չէին կրնար ճիշդ հնչել։ 1880-ին, Կիւսթաւ պաշտօնապէս կը փոխէ իր մականունը` աշտարակին հիմնադրումէն 9 տարի առաջ։
  • Կիւսթաւ Էյֆել կը ճանչցուի Էյֆելի աշտարակին ճարտարապետը: Իրական նախագիծը Էմիլ Նիւկիերի եւ Մորիս Կեչլինի աշխատանքն է, որ աւելի ուշ կը վերանայուի, կը բարելաւուի Ստեֆան Սովեստրիի կողմէ`գեղագիտական լուծումներով։
  • Աշտարակին գոյնը 5 տարին մէկ կը փոխուի: Զայն ներկելու համար անհրաժեշտ է 50 թոն ներկ։
  • Աշխարհի 4-րդ ամէնէն շատ այցելու ունեցող վայրն է:
  • Սկիզբի շրջանին քաղաքացիներուն համար տհաճ եւ անտանելի կը թուէր այս աշտարակը: Սակայն այսօր Ֆրանսայի խորհրդանիշը կ'ունենայ տարեկան գրեթէ 6 ու կէս միլիոն այցելու։
  • Էյֆելի աշտարակը միշտ չէ, որ նոյն չափի է: Ամրան աշտարակը 18սմ աւելի բարձր է, քան ձմրան, պատճառը մետաղի ընդարձակումն է բարձր ջերմաստիճանէն։
  • Ունի սահադաշտ: 2005-ին առաջին յարկին մէջ սահադաշտ մը կը տեղադրուի: Սահադաշտը 190մ²է, եւ հոն կարելի է նաեւ չմուշկներ վարձել։
  • 1925-1934, հինգ տարի շարունակ գովազդած է «Սիթրոէն» (Citroen ) վաճառանիշի ինքնաշարժներ, դառնալով այդ ժամանակի ամէնէն մեծ եւ լուսաւոր գովազդը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]