Location via proxy:   [ UP ]  
[Report a bug]   [Manage cookies]                
Jump to content

Մարոք

Բնակավայր
Մարոք
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-zgh" does not exist։
Դրօշակ Զինանշան


الله، الوطن، الملك եւ Gwlad, Mamwlad, y Brenin
Երկիր  Մարոք
Ներքին բաժանում Tangier-Tetouan-Al Hoceima?, Oriental?, Fès-Meknès?, Rabat-Salé-Kénitra?, Béni Mellal-Khénifra?, Կասաբլանկա Սետատ?, Marrakesh-Safi?, Drâa-Tafilalet?, Souss-Massa?, Guelmim-Oued Noun?, Laâyoune-Sakia El Hamra? եւ Dakhla-Oued Ed-Dahab?
Մարոքի Վարչապետ Aziz Akhannouch?
Օրէնսդրական մարմին Parliament of Morocco?
Հիմնադրուած է՝ 789[1]
Տարածութիւն 446 550 քմ²
Պաշտօնական լեզու Արաբերէն[2] եւ Standard Moroccan Amazigh?[2]
Բնակչութիւն 37 076 584 մարդ (2021)[3]
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծով, Ատլանտեան Ովկիանոս եւ Ճիպրալթար Նեղուց
Ժամային գօտի UTC+1, Africa/Casablanca?[4] եւ UTC+0
Շրջագայութեան պետ-համարագիր MA
Անուանուած է Մարաքէշ, արեւմուտք եւ Mauri people?
Պաշտօնական կայքէջ maroc.ma/en(անգլերէն)
maroc.ma/es(սպան․)
maroc.ma/fr(ֆր.)
maroc.ma/amz
maroc.ma/ar(արաբ.)

Մարոք (արաբերէն՝ المغرب), Ափրիկէի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող երկիր։ Մակերեւոյթը լեռնային է, ուր կը գերակշռեն միջին բարձրութեան լեռներն ու սարաւանդները։ Հարաւ-արեւմուտքէն դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուի Ատլասի լեռնային համակարգը՝ Բարձր Ատլաս (առաւելագոյն բարձրութիւնը՝ 4165 մ, Թուբքալ լեռ), Միջին Ատլաս, Անդիատլաս։ Ատլանտեան ափին կան դաշտավայրեր (Գարպ, Ապտա, Սուս), հիւսիս-արեւմուտքէն Մարոքեան Մեսետայի հարթավայրերը եւ սարաւանդները, հիւսիս-արեւելքի մէջ՝ մեծ գոգաւորութիւններով Ալժիրա-Մարոքեան Մեսետան (1000–1200 մ.)։ Ատլասէն հարաւ տարածուած սարաւանդները Սահարայի մէջ կը վերածուին քարքարոտ հարթավայրերու։

Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր Մարոքի տարածքին բնակած են Լիպիական կամ հին Պերպերական ցեղեր։ Մարոքի մէջ (Ք․ ա․) Բ. հազարամեակի վերջին, առափնեայ շրջաններուն մէջ հիմնուած են փիւնիկեցիներու գաղութներ, որոնք այնուհետեւ ինկած են Կարթագէնի իշխանութեան տակ։ (Ք.ա․) Բ. դարուն Մարոքի հիւսիսային շրջանները իր ազդեցութեան ենթարկած է, իսկ (Ք․ա․) 27-ին նուաճած է Հռոմը։ Ե. դարուն Մարոքի տարածքի հիւսիսային մասը նուաճած են վանտալները (հին գերմանական ցեղ), Զ. դարուն՝ Բիւզանդիան, Ը. դարուն՝ արաբները (որոնք տարածած են արաբերէնն ու

Միջին դարու Շելլայի աւերակները

մահմետականութիւնը)։ 788-ին Մարոքի հիւսիս-արեւմուտքը հիմնուած է Իտրիսեաններու պետութիւնը, Ժա. դարուն՝ Աչմորաւեաններու, ապա՝ Ալմոհաղներու խալիֆայութիւնը։ Ժգ. դարու Բ. կէսին Մարոքի մէջ իշխանութիւնը անցած է Մարինեաններու Պերպերական թագաւորութեան, որոնց տիրապետութեան ատեն զգալիօրէն զարգացած է գիւղատնտեսութիւնը, տնտեսական լայն կապեր հաստատուած են Մարոքի եւ Եւրոպայի ու Արեւմտեան Ափրիկէի միջեւ, ծաղկած է աւատապետական մշակոյթը։ Ժե. դարուն սկսած է եւրոպացիներուն մուտքը Մարոք, փորթուկալցիները եւ սպանացիները գրաւած են Ատլանտեան ծովափը։ Ժզ. դարու վերջը մարոքցիները յաջողած են գաղութարարները վտարել առափնեայ քաղաքներու մեծ մասէն։ Մարոքի սուլթաններ Իսմայիլի (1672-1727) եւ Աիդի Մուհամմատ պըն Ապտուլլայի (1757-1790) ատեն ազատագրուած է երկրին ամբողջ առափնեայ շրջանը։

Մարոքի Գաղութացումն ու Մասնատումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժթ. դարու 40-ական թուականներուն կը սկսի եւրոպացիներու զինուած ներխուժումը՝ Մարոք։ 1844-ին, Ֆրանսա պարտութեան մատնելով մարոքցիներուն բանակը, պայմանագիր մը կը պարտադրէ Մարոքի։ 1859-ին Սպանիա կը ներխուժէ Մարոք՝ գրաւելով աննշան տարածքներ։ Ի. դարու սկիզբը Մարոքի համար պայքար մը ծայր կ'առնէ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ։ 1912-ին կը ստորագրուի ֆրանս-Մարոքական եւ ֆրանս-Սպանական պայմանագիրերը, որոնցմէ մէկուն մէջ կը հաստատուէր ֆրանսական հովանաւորութիւնը Մարոքի վրայ , երկրորդով՝ Մարոքի փոքր մասը կ'անցնէր Սպանիոյ գերիշխանութեան տակ։ Մարոքի տարածքը կը բաժնուի 3 գօտիներու՝ ֆրանսական (տարածքին շուրջ 80%-ը, իսկ բնակչութեան 90%-ը), Սպանական եւ միջազգային (Հանժերը)։ Երկրին իշխանութիւնը կ'անցնի ֆրանսական գլխաւոր պետական գործակալին եւ Սպանական գերագոյն պետական գործակալին։ Մարոքի սուլթանին եւ Սպանական գօտիին մէջ անոր փոխարքային՝ խալիֆային, իշխանութիւնը կը դառնայ ձեւական։

Սպանական Տիրապետութեան Տապալում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռիֆի լեռներ՝ Հիւսիսային Մարոքի մէջ

Ֆրանսական գերիշխանութեան հաստատման դէմ կ'ապստամբի ժողովուրդը։ Մարոքի մէջ նոր վերելք մը կ'ապրի ազգային-ազատագրական շարժումը։ 1921-ին Ռիֆի (մարզ Մարոքի հիւսիսը, Սպանական գօտիին մէջ) ցեղերը Մարոքի ազգային հերոս Ապտ ալ Քերիմի գլխաւորութեամբ կը ջախջախեն սպանական բանակը եւ կը վտարեն Ռիֆէն։ Կը ստեղծուի Ռիֆի հանրապետութիւնը (Ռիֆի Հանրապետութեան ցեղերու ռազմաքաղաքական միաւորումը)։ 1926-ին Ռիֆի զօրքերը կը պարտուին ֆրանսական եւ Սպանական միացեալ ուժերուն դէմ կռիւի ատեն։

Ֆրանսական Տիրապետութիւնը Մարոքի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1920-ական թուականներուն Մարոքի տնտեսութեան հիմնական ճիւղերուն մէջ կը տիրապետէ օտար, յատկապէս՝ ֆրանսական դրամագլուխը, Մարոքեան միջին դասակարգին բաժինը կը դառնայ աննշան։ Ընդարձակածաւալ բարեբեր հողեր կը բռնագրաւուին բնիկներէն եւ իբրեւ սեփականութիւն կը տրուին եւրոպական գաղութարարներուն։ Երկրին բնակչութեան եւ բնական հարստութիւններուն անխնայ շահագործումը կը խորացնէ դասակարգային շերտաւորումը, միաժամանակ կ'արագացնէ քաղաքներուն զարգացումը, քաղաքային միջին խաւերուն եւ բանուոր դասակարգին ձեւաւորումը։ 1930-ական թուականներուն քաղաքներուն մէջ կը զօրանայ հակագաղութային, հակաիշխանական շարժումը։ Ազգային-ազատագրական շարժման ղեկավարութիւնը կ'անցնի Մարոքի ազգային միջին դասակարգին եւ մտաւորականութեան։ 1934-ին Մարոքի Պուրժուա-ազգայնականները (քաղքենի) եւ հայրենասէր մտաւորականութեան ներկայացուցիչները կը ստեղծեն Ազգային գործողութեան Մարոքեան դաշինք մը, որ կը պահանջէր մարոքցիներուն մասնակցութիւնը երկրի կառավարման մէջ։ 1937-ին կոմիտէն կ'արգիլուի, որմէ ետք կը ստեղծուին ընդյատակեայ կազմակերպութիւններ։

Բ. Համաշխարհային Պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բ. համաշխարհային պատերազմի (1939-1945) ընթացքին, Մարոքի ֆրանսական գօտին կը գտնուէր «Վիշիի կառավարութեան» իշխանութեան տակ։ 1940-ին Սպանիա կը գրաւէ Տանժերը եւ կը ներառէ սպանական գօտիի մէջ։ 1942Նոյեմբերին անգլո-ամերիկեան դաշնակցային զօրքերը կը մտնեն Մարոք։ Մարոքի ֆրանսական գօտիին մէջ կը ստեղծուին ռազմական յենակայաններ։

Յետ պատերազմեան Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք ալ ֆրանսական գաղութային վարչակարգը կը մնայ անփոփոխ։ 1945-ին կը վերականգնի միջազգային ռեժիմը։ Մարոքի մէջ նոր թափ կը ստանայ ազգային-ազատագրական շարժումը, ուր կարեւոր դեր կը խաղար բանուոր դասակարգը։ 1950-ին Մարոքի սուլթանը Ֆրանսայի յուշագրեր կը ներկայացնէ՝ Մարոքին լրիւ ինքնուրոյնութիւն տալու պահանջքով, որ կը մերժուի։

Մարոքի Անկախացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1952-ին Մարոքի քաղաքներուն մէջ տեղի կ'ունենան հակագաղութային զանգուածային ելոյթներ եւ ընդհարումներ զօրքերուն հետ։ 1953Օգոստոսին ֆրանսացիները գահընկեց կ'ընեն եւ երկրէն կ'արտաքսեն սուլթանը։ Երկրին մէջ կը ծաւալի զինուած դիմադրութիւն մը։ Ֆրանսական իշխանութիւնները Նոյեմբեր 1955-ին ստիպուած կը վերադարձնեն սուլթանը։ 2 Մարտ, 1956-ին Մարոք անկախ կը հռչակուի։ Ապրիլ 1956-ին սպանական գօտիին խնամակալութիւնը կը վերացուի, 21 Յունուար 1957-ին Տանժեր կը մտնէ Մարոքի կազմին մէջ։ Նոյեմբեր 1956-ին Մարոք կը ներառուի ՄԱԿ-ի մէջ։ Անկախութեան նուաճումէն ետք (1957-ին) թագաւոր Մուհամմէտ Ե. (նոյն Սիտի Մուհամմէտ պըն Եուսուֆ) կը հռչակէ երկրին ազգային վերածնունդի, ազգային տնտեսութիւն ստեղծելու եւ օտարերկրեայ դրամատիրական տիրութիւններու տնտեսական եւ քաղաքական կախուածութենէն ազատելու ընթացք մը։

Արտաքին Եւ Ներքին Կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ Նոյեմբեր 1961 ֆրանսական զօրքերը ամբողջութեամբ դուրս կը բերուին, կը վերացուին ֆրանսական եւ ամերիկեան ռազմական յենակայանները։ Մուհամմէտ Ե.-ի կառավարութիւնը կը վարէ չեզոք քաղաքականութիւն մը, աջակցելով Ալժիրի ազատագրական շարժման։ Մուհամմատ Ե.-ի մահէն (1961) ետք գահ կը բարձրանայ որդին՝ Հասան Բ.։ 1962-ին կ'ընդունուի Մարոքի առաջին սահմանադրութիւնը, Մայիս 1963-ին կը կայանան առաջին Խորհրդարանական ընտրութիւնները։ 1960-ական թուականներուն ժողովրդական զանգուածներու դրութեան վատթարացումը կը սրէ ընկերվարական հակասութիւնները, տեղի կ'ունենան գործաթուլներ, յաճախակի կը փոխուի կառավարութիւնը։ 1970-ական թուականներուն կառավարութիւնը կը ձեռնարկէ երկրի ներքին դրութիւնը կայունացնելու շարք մը միջոցառումներ։ Մարտ 1972-ին կ'ընդունուի նոր սահմանադրութիւն մը, որ կ'ընդլայնէ խորհրդարանի եւ կառավարութեան իրաւունքները։ 1975-ին Մատրիտի մէջ կը կնքուի սպանա-Մարոք-մորիթանական համաձայնագիր մը՝ Արեւմտեան Սահարան Մարոքին եւ Մորիթանիոյ յանձնելու վերաբերեալ, որուն հիման վրայ Մարոքի եւ Մորիթանիոյ զօրքերը կը մտնեն Արեւմտեան Սահարա։ Անոնց դէմ մարտական գործողութիւններ կը ծաւալեն Արեւմտեան Սահարայի ազատագրական ճակատի ուժերը։ Ալժիր կը ճանչնայ 1976-ին հռչակուած Սահարայի արաբական ժողովրդավարական հանրապետութիւնը, որու պատճառով Մարոք կը խզէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ալժիրի հետ։ Փետրուար 1977-ին Մարոք կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը Ափրիկեան միասնութեան կազմակերպութեան մէջ։

Մարոք սահմանադրական միապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1972-ին։ Պետութեան եւ կառավարութեան գլուխը թագաւորն է (իշխանութիւնը կը ստանձնէ ժառանգաբար), որ կը նշանակէ եւ կ'ազատէ կառավարութեան անդամները, կը հրապարակէ հրամանագիրեր, կը կնքէ եւ կը հաստատէ միջազգային պայմանագիրեր, դատաւորներ կը նշանակէ, պատերազմ կը յայտարարէ , արտակարգ դրութիւն եւ այլն։ Օրէնսդրական իշխանութեան բարձրագոյն մարմինը միապալատ խորհրդարանն է։ Ընտրական իրաւունքէն կ'օգտուին 21 տարին լրացուցած բոլոր քաղաքացիները։ Նահանգները կը կառավարեն նահանգապետերը։ Դատական համակարգը կը կազմէ գերագոյն դատարանը։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թուպքալ՝ Ափրիկէի հիւսիս արեւմուտքը գտնուող բարձրագոյն գագաթը՝ 4,167 Մ.

Մարոք լեռնային երկիր է։ Կը գերակշռեն միջին բարձրութեան եւ բարձր լեռները, սարաւանդները եւ բարձրադիր հարթավայրերը։ Հարաւ-արեւմուտքէն հիւսիս-արեւելք կը գտնուի Ատլասի լեռնային համակարգը՝ Բարձր Ատլասը (բարձրութիւնը՝ 4167 մ., Թուպքալ լեռ, Մարոքի բարձրագոյն գագաթը), Միջին Ատլասը, Անդիատլասը, հիւսիսի մէջ, Միջերկրական ծովու երկայնքով՝ էր Ռիֆ լեռները, Ատլանտեան ափին՝ Գարպ, Ապտա, Աուս դաշտավայրերը, հիւսիս-արեւմուտքին մէջ՝ Մարոքեան Մեսետայի հարթավայրերը եւ սարաւանդները։ Հիւսիս-արեւելքը մեծ գոգաւորութիւններով Ալժիրա-Մարոքեան Մեսետան է (1100-1200 մ.)։ Ատլասէն հարաւ տարածուած քարքարոտ սարաւանդները Սահարային մէջ կը փոխուին քարքարոտ հարթավայրերու։

Սահարա անապատ
Ատլասի լեռներ
Ատլանտեան ովկիանոս

Երկրաբանական կառուցուածք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարոքի տարածքին բնորոշ է սեյսմիկութիւնը, յաճախակի են աւերիչ երկրաշարժները։

Օգտակար հանքեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարոք ունի մետաղի հսկայ հանքեր: Անիկա կը համարուի աշխարհի երրորդ Ֆոսֆոր արտադրող երկիրը՝ Չինաստանէն եւ Ամերիկայի միացեալ նահանգներէն ետք: Կան նաեւ քարաղի, պղինձի, զինքի, կապարի, երկաթի, քոպալթի, քարածուխի, նաւթի եւ կազի հանքավայրեր։ Իսկ 2003-ին յայտնաբերուած են ոսկիի հանքեր՝ Աղատիր շրջանին մէջ:

Մարոքի մեծ մասը ունի մերձարեւադարձային կլիմայ, հիւսիսի մէջ՝ միջերկրածովեան կլիմայ (Յուլիսի միջին ջերմաստիճանը՝ 24-28 °C, Յունուարինը՝ 10-12 °C)։ Ատլանտեան ովկիանոսին հարող շրջաններուն մէջ կլիման աւելի մեղմ է, երկրին հարաւը եւ հարաւ-արեւելքը՝ չոր։ Տարեկան տեղումները ափամերձ շրջաններուն եւ լեռներուն մէջ շուրջ 1000 մ.մ. են, հարաւը՝ մինչեւ 200 մ.մ., Սահարային հարող շրջաններուն մէջ՝ շուրջ 100 մ.մ.։ Երկրին հարաւային շրջաններուն մէջ յաճախակի են աւազային փոթորիկները։

Մշտահոս գետերը քիչ են։ Մեծ գետերն են Մուլուեան, Սեպուն, Ումմ էր Ռպեան, Թենսիֆթը, որոնց բնորոշ են աշնան եւ ձմրան անձրեւային վարարումները։ Ումմ էր Ռպեա եւ Սեպու գետերուն վրայ կառուցուած են մեծ ջրամբարներ եւ ՀԷԿ-եր։ Լիճերուն մեծ մասը աղի է։ Արեւելքը տարածուած են չորցող, աղի լիճերը (սեպխեր), Ատլանտեան ովկիանոսի ափերուն ճահճացած ծովալճակները (մերժեր)։

Հողեր, բուսական եւ կենդանական աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ատտաքսը Մարոքի կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն է

Ափամերձ հարթավայրերուն եւ միջ-լեռնային հովիտներուն մէջ տարածուած են աւազային, կաւաւազային ու կաւային առաւել բերրի սեւահողերը։ Լեռներուն մէջ կը գերակշռեն լեռնաանտառային գորշ, ծայր հարաւին մէջ՝ անապատային հողերը։ Անտառները կը գրաւեն երկրին տարածութեան 12%-ը եւ կը պահպանուին լեռներուն մէջ ու երկրին հիւսիս-արեւմուտքին մէջ։

Հին մայրիի ծառ մը՝ Մարոքի մէջ

Հիմնական ծառատեսակներն են կաղնին, խցանակաղնին, մայրին, գաճաճ արմաւենին, սոճին։ Մեծ տարածում ունին մակուիսի ու կենսածառի թփուտները։ Չոր տափաստանները եւ կիսաանապատները ծածկուած են «Ալֆա» խոտով, աղուտները՝ «Օշանով»։ Կենդանական աշխարհը խիստ տուժած է մարդու տնտեսական գործունէութեան հետեւանքով եւ համեմատաբար աղքատ է։ Կան նապաստակ, վարազ, շնագայլ,

Արու կապիկներ՝ Մարոքի մէջ:

կապիկ, բորենի, յովազ, լուսան եւ այլն, լեռնային գետերուն մէջ՝ կարմրախայտ։ Տարածուած են կրծողները, սողունները, երկակենցաղները։ Առափնեայ ջուրերը հարուստ են ձուկերով։ Բուսական եւ կենդանական աշխարհի պահպանման նպատակով ստեղծուած են արգելոցներ, ազգային պարկեր (Տուպկալ, Թազեկա)։

Շուրջ 99%-ը Պերպերա-արաբական ծագման մարոքցիներ են[5]։ Կան նաեւ եւրոպացիներ (ֆրանսացիներ, սպանացիներ) եւ մարոքեան հրեաներ[5]։ Պետական լեզուն արաբերէնն է, կրօնը՝ մահմետականութիւնը, տոմարը՝ լուսնային հիժրան։ Միջին խտութիւնը՝ 1 քմ.2-ի վրայ շուրջ 75 հոգի (2015), քաղաքի բնակչութիւնը՝ 60%[6] (2015)։ Մեծ քաղաքներն են Քազապլանքան, Ռապաթը, Մառաքէշը, Ֆէսը[7]։Երկրի բնակչութեան թիւը 12 միլիոն է[8]։

Արդիւնաբերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արդիւնաբերութիւնը երկրի ՀՆԱ-ի 25% կը կազմէ[9]։ Զարգացած է լեռնահանքային արիւնաբերութիւնը, յատկապէս՝ ֆոսֆորներու, նաեւ երկաթի, մանկանի, կապարի, զինքի, քոպալթի, նաւթի, կազի արդիւնահանումը։ Կարեւոր դեր ունի մշակուող արդիւնաբերութիւնը, որ ներկայացուած է սնունդի, հագուստեղէնի, քիմիական, նաւթամշակման, մետաղամշակման եւ այլ ձեռնարկութիւններով։ Սնունդի արդիւնաբերութեան առաջատար ճիւղերն են ձկան, միրգի եւ բանջարեղէնի պահածոներու, մրգահիւթի, շաքարի եւ ալիւրի արտադրութիւնը։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գարիի դաշտեր՝ Հիւսիսային Մարոքի մէջ (2006)

Բարձր վաճառանիշերով գիւղատնտեսութեան ժամանակակից արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու կողքին մեծ տեղ կը գրաւեն մանր վաճառանիշով գիւղատնտեսութիւնը եւ տնային գործնական մանր ձեռնարկութիւնները։ Գիւղատնտեսութիւնը երկրի տնտեսութեան հիմնական ճիւղն է։ Ցանքատարածքներու մեծ մասը կը զբաղեցնէ հացահատիկը։ Կը մշակուին նաեւ գետնախնձոր, շաքարի ճակնդեղ, լոլիկ, բամպակ, խաղող, լիմոն եւ ձիթենի։ Անասնապահութիւնը յետամնաց է։

Խրիպքայէն դէպի Քազապլանքա ֆոսֆոր փոխադրող գնացք

Երկաթուղիներուն երկարութիւնը 2000 քմ. է[10]։

Ռապաթի գնացքը՝ Դեկտեմբեր 2012-ին:

Արտաքին առեւտուրի մեծ մասը կը կատարուի ծովային նաւատորմով։ Գլխաւոր նաւահանգիստներն են Քազապլանքան, Սաֆին, Մոհամետիան, Տանժերը։ Երկրին մէջ կը գործեն 55 օդակայաններ[11]։

Արտաքին առեւտուր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2014-ին Մարոքի արտահանումը կը կազմէ 20 մլր. տոլար[12], ներմուծումը՝ 40 մլր. տոլար[12]։ Երկիրը կ'արտահանէ հագուստ, քիմիական նիւթեր, հանքային պարարտանիւթեր, նաւթամթերքներ, միրգեր, բանջարեղէն, ձուկ, ցորեն, սեւ եւ գունաւոր մետաղներ, եւ այլն[12]։ Առեւտրական հիմնական գործընկերներն են Ֆրանսան, Սպանիան, ԱՄՆ-ն եւ Պրազիլը[12]։ Տնտեսութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունի զբօսաշրջութիւնը, զբօսաշրջիկներուն քանակը տարեկան աւելի քան 10 միլիոն է[13]: Հիմնական կեդրոններն են Աղատիրը, Ֆեսը, Մառաքեշը, Տանժերը եւ Թեթուանը։ Դրամական միաւորը Մարոքեան տիրհամն է։

Էֆ 16 օդուժ՝ Մարաքէշի ցուցասրահէն, 2012

Մարոքի զինուած ուժերը (աւելի քան 200 հազար, 2014) կազմուած են ցամաքի զօրքերէն, օդուժի եւ ռազմածովային ուժերէն։ Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը թագաւորն է։ Ընդհանուր ղեկավարութիւնը կ'իրականացնեն պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ու գլխաւոր շտապը։ Կ'ամբողջանան վարձու կամաւորներով։ Ցամաքի զօրքերը (160.000), Օդային ուժերը (25.000) եւ ռազմածովային ուժերը (15.000)։ Կան նաեւ ռազմականացուած կազմակերպութիւններ (40.000), ինչպէս՝ ժանտարմիա (18.000) եւ ոստիկանութիւն (շուրջ 35.000)։

Բժշկա-աշխարհագրական բնութագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բժշկական կեդրոն՝ Ասնի գիւղին մէջ

2014-ին Մարոքի մէջ ծնունդներուն թիւը կազմած է 1000 բնակիչին 18,2[14], մահերունը՝ 5[14]։ Առողջապահութեան հիմնական խնդիրը պայքարն է վարակիչ եւ մակաբուծական հիւանդութիւններու դէմ։ Տարածուած են տրախոման, կարմրուկը, տիֆերը եւ բարատիֆերը, վեներական հիւանդութիւնները, տիֆթերիան, բորը, մալարիան եւ այլն։

Կրթութիւն եւ գիտական հիմնարկներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1160-ին կառուցուած համալսարան

Մինչեւ Ֆրանսայի կողմէ երկրին նուաճումը Մարոքի մէջ գործած են մահմետական դպրոցներ։ Ֆրանսական տիրապետութեան շրջանին ստեղծուած են երկու տիպի պետական աշխարհիկ դպրոցներ՝ ֆրանսացիներու եւ բնիկներու երեխաներուն համար (ֆրանսերէն լեզու)։ Պարտադիր կրթութեան մասին առաջին օրէնքը ընդունուած է 1963-ին։ ժողովուրդին կրթութեան ժամանակակից համակարգին մէջ կը մտնեն 5-ամեայ տարրական եւ 6-ամեայ միջնակարգ դպրոցները (դպրոցը՝ պետական, ուսուցումը՝ ֆրանսերէն եւ արաբերէն)։ Տարրական դպրոցներու համար ուսուցիչներ կը պատրաստեն ուսուցչանոցները, միջնակարգի Բարձրագոյն դպրոցը եւ համալսարանները։ Մարոքի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւներն են՝ Մուհամմատ Ե.-ի անուան համալսարանը (հիմնադրուած՝ 1957-ին), վարչական, ճարտարագիտական դպրոցները (բոլորը ՝ Ռապաթ-ի մէջ), Քարաուին մահմետական համալսարանը Ֆէսի մէջ (առաջինը Ափրիկէի մէջ, 1959)։ Ռապաթի պետական արխիւին կից կը գործէ Մարոքի մեծագոյն գրադարանը (1920, 208.000 գիրք)։ Կան հնագիտութեան թանգարաններ (Ռապաթ-ի եւ Թեթուանի մէջ) եւ զինաթանգարան (Ֆէս-ի մէջ)։

Ախաուէյն համալսարանը Իֆրէյնի մէջ

Գիտական հիմնարկներէն են Շերիֆեան գիտական դպրոցը (հիմնուած 1920-ին, Ռապաթ), գիւղատնտեսական հետազօտութիւններու ազգային դպրոցը (1924), Մուհամմատ Ե.-ի անուան համալսարանին կից գործող գիտական հետազօտութիւններուն կեդրոնը (1962), Արաբական երկիրներու լիկային կից Արաբականացման կեդրոնը։ Կան շարք մը գիտական ընկերութիւններ (օրինակ՝ աշխարհագրական)։ Մարոքի մէջ կը գտնուին նաեւ արտասահմանեան որոշ ԳՏԻ-ներու եւ ծառայութիւններու մասնաճիւղեր։

Գոյութիւն ունի արաբերէն, պարպարերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Մարոքի դասական շրջանի արաբական գրականութեան մէջ ներկայացուած են արաբական դասական գրականութեան բոլոր հիմնական ժանրերը։ Ինքնուրույնութեան գիծերը երեւան եկած են Ժա.-Ժբ. դարերուն․։ Ժգ. դարու սկիզբը ծայր առած է գեղարուեստական տարեգրութիւնը, որ շարունակուած է մինչեւ Ժթ. դար։ Ժե.- Ժզ. դարերուն ստեղծուած է կենսագրական եւ կենցաղագրական հարուստ գրականութիւն մը։ Արաբական դասական արտասանութեան աւանդոյթները Մարոքի գրականութեան մէջ հասած են ընդհուպ մինչեւ Թ. դարու կէսերը։ Արաբերէնով եւ պարպարէնով ժողովրդական գրականութիւնը, առաւելապէս բանաւոր, յայտնի է Ժդ.-Ժե. դարերէն եւ ներկայացուած է բանահիւսական եւ հեղինակային գործերով (չափածոյ եւ արձակ)։ Արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով ժամանակակից գրականութիւնը նկատելի երեւոյթ կը դառնայ Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք։ 1950-ական թուականներուն յառաջատար կը դառնայ ֆրանսալեզու վէպը, որու հիմնական ներկայացուցիչն էր Դ․ Շրայպին (ծնած 1928-ին)։ 1960-ական թուականներու կէսերէն կը սկսի արաբալեզու արձակի բուռն վերելքը։

Մարոքի երաժշտութիւնը պերպերական եւ արաբական մշակոյթներու փոխազդեցութեան արդիւնք է։ Պերպերական երաժշտական արուեստին, որուն «մաքուր» նմուշները պահպանուած են Մարոքի կեդրոնական մասին մէջ, բնորոշ է երաժշտութեան սերտ կապը բանաստեղծութեան եւ պարի հետ․ ամենատարածուած ժանրը խմբական երգ-պարն է։ Կ'առանձնանայ ախիդու եւ ախուախ պերպերներու արուեստը։ Պերպերներու երաժշտական գործիքներէն են՝ կասպա (ֆլեյտա), պենտիր (դափ), էլ-կալալժա եւ ուէր-ռպապ (ջութակներ) եւ այլն։ Բազմազան է արաբական երաժշտական արուեստը։ Գոյութիւն ունի դասական եւ ժողովրդական արաբական երաժշտութիւն։ Ալան աշխարհիկ, պալատական արուեստ է, որուն հիմքը արաբական դասական արտասանութիւնն է, ռաման՝ կրօնական բովանդակութեամբ արուեստ։ Գրիխան հասարակ մարդոց երգերն են՝ հիմնուած խօսակցական լեզուի վրայ։ Արաբական երաժշտական գործիքներէն են՝ լիւտնեայ, քնար, ռեբաբ, ցիտրա։ Մարոքցիներու ժողովրդական ստեղծագործութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ կրօնական երաժշտութիւնը՝ դիկրը։ Այլ ժանրերէն տարածուած են օրորոցային, աշխատանքային երգերը, ծիսական պարերու, շքահանդէսներու երաժշտութիւնը եւ այլն։ Մարոքի մէջ կը գործեն երաժշտութեան, պարի եւ թատրոնի արուեստի ազգային երաժշտանոցը (Ռապաթ), ինչպէս նաեւ երաժշտութեան եւ պարի ազգային դպրոցը (Թեթուան)։

Ուարզազաթ քաղաքէն տեսարան մը, ուր տեղի կ'ունենան մեծ թիւով համաշխարհային ֆիլմերու նկարահանումները:

Մարոքի մէջ առաջին սինեմա նկարահանումներուն (1907) եւ առաջին գեղարուեստական ֆիլմերու ստեղծման մասնակցած են արտասահմանցի, յատկապէս՝ ֆրանսացի, ղեկավարներ։

  • 2007-ին, Մարոքի արտադրած ֆիլմերուն թիւը կը հասնի 10-ի:
  • 2010-ին, Մարաքէշի մէջ լսողատեսողական դպրոցներու եւ հիմնարկներու յատուկ աշակերտական կարճ ֆիլմերու մրցոյթ մը տեղի կ'ունենայ
  • 2011-ի սկիզբը Մարոք Ափրիկէի տարածքին գտնուող եւ արաբական երկիրներուն առաջնութիւնը կը շահի 19 գեղարուեստական ֆիլմ եւ 100 կարճ ֆիլմ արտադրելուն շնորհիւ:

Լրատուամիջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարոքի մէջ կան 27 ِِAM ձայնասփիւռի կայաններ, 25 FM եւ 8 հեռատեսիլի կայաններ:Կան 36 թերթեր, որոնք լոյս կը տեսնեն գլխաւորաբար արաբերէն լեզուով, իսկ ուրիշներ՝ ֆրանսերէնով:Կան նաեւ անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով լոյս տեսնող թերթեր: Լոյս տեսնող թերթերուն 70%-ը անձնական են:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://www.jewishvirtuallibrary.org/rulers-of-morocco-789-present
  2. 2,0 2,1 5 // (unspecified title)
  3. https://data.worldbank.org/indicator/SP.POP.TOTL?locations=MA
  4. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/africa
  5. 5,0 5,1 «Մարոքի Բնակչութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12 
  6. «Մարոքի Բնակչութիւն ուրբանիզացման մակարդակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12 
  7. «Մարոքի խոշոր քաղաքներ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12 
  8. «Մարոքի Ակտիւ բնակչութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12 
  9. «Մարոքի Տնտեսութեան Կառուցուածք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12 
  10. «Մարոքի Տրանսպորտային համակարգ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12 
  11. «Մարոքի Տրանսպորտային Համակարգ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12 
  12. 12,0 12,1 12,2 12,3 «Մարոքի Առեւտրաշրջանառութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12 
  13. Համաշխարհային Տուրիզմ
  14. 14,0 14,1 «Մարոքի Առողջապահութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-12